image

Քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» մրցակից կուսակցութիւն պիտի ստեղծուի

Քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» մրցակից կուսակցութիւն պիտի ստեղծուի

Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար շրջանի ղեկավար Մէսուտ Պարզանիի քաղաքական հայեացքներուն յարող կուսակցութիւն պիտի ստեղծուի:

Իրաքեան Քիւրտիսատանի մէջ «Քիւրտիստանի Դեմոկրատական Կուսակցութեան» անդամ Սերտաչ Պուճաքի, «Մասնակից ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան» նախկին նախագահ Մոհամետ Էմին Քարտէշի եւ «Թուրքիա-Քիւրտիսատան Դեմոկրատկան կուսակցութեան» ներկայացուցիչներու համագործակցութեան արդիւնքով որոշուած է հիմնել «Քիւրտիստանի դեմոկրատական կուսակցութիւնը»:

Կուսակցութիւնը հիմնելու որոշումը կայացած է 9 ամիս տեւած խորհրդակցութիւններէ ետք:

Թրքական «Հապերթուրք» կայքին մէջ տեղ գտած հրապարակման համաձայն, նորաստեղծ կուսակցութիւնը քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP) քաղաքականութիւնը քննադատողներու համար այլընտրանքային կուսակցութիւն պիտի ըլլայ:

Կուսակցութեան հիմնադրման աշխատանքները աւարտելէ ետք նոր քաղաքական ուժի հիմնադիր անդամները կը ծրագրեն Տիարպէքիրի մէջ հանրահաւաք կազմակերպել: