Մարդու իրաւունքներու դիտորդը կը փոխանցէ, թէ քրտական ուժերը կրցած են իրենց վերահսկողութեան տակ առնել Հալէպ նահանգի պատկանող Թալ Րաֆհաթ քաղաքը, որ կը գտնուի թրքական սահմանին մօտ: Աղբիւրը նշած է, որ «Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը», որ քիւրտ եւ արաբ զինեալներու համախմբում է, գրաւած է մինչ այդ իսլամական ռազմական խմբակցութիւններու հսկողութեան տակ եղած Թալ Րաֆհաթ քաղաքը:
Միւս կողմէ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաուտ Օղլու երեկ յայտարարած էր, որ իր երկիրը թոյլ չի տար, որ իր սահմանին մօտ գտնուող սուրիական Ազազ քաղաքը անցնի քիւրտերուն ձեռքը, եւ կոչ ըրած է Սուրիոյ քիւրտ զինեալներուն դուրս գալ Մինկ օդակայանէն, որը անցեալ շաբաթ գրաւած էին, դէպի Ազէզ յառաջխաղացքի ընթացքին, որ թրքական սահմանէն 10 քիլոմէթր հեռաւորութեան վրայ կը գտուի: