image
Հրատապ լուրեր:

Քրտական Ուժերը Գրաւած Են Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ Գտնուող Քաղաք Մը

Քրտական Ուժերը Գրաւած Են Թուրքիոյ Սահմանին Մօտ Գտնուող Քաղաք Մը

Մարդու իրաւունքներու դիտորդը կը փոխանցէ, թէ քրտական  ուժերը կրցած են իրենց վերահսկողութեան տակ առնել Հալէպ նահանգի պատկանող Թալ Րաֆհաթ քաղաքը, որ կը գտնուի թրքական սահմանին մօտ: Աղբիւրը նշած է, որ «Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերը», որ քիւրտ եւ արաբ զինեալներու համախմբում է, գրաւած է մինչ այդ իսլամական ռազմական խմբակցութիւններու հսկողութեան տակ եղած Թալ Րաֆհաթ քաղաքը:

Միւս կողմէ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմէտ Տաուտ Օղլու երեկ յայտարարած էր, որ իր երկիրը թոյլ չի տար, որ իր սահմանին մօտ գտնուող սուրիական Ազազ քաղաքը անցնի քիւրտերուն ձեռքը, եւ կոչ ըրած է Սուրիոյ քիւրտ զինեալներուն դուրս գալ Մինկ օդակայանէն, որը անցեալ շաբաթ գրաւած էին, դէպի Ազէզ  յառաջխաղացքի ընթացքին, որ թրքական սահմանէն 10 քիլոմէթր հեռաւորութեան վրայ կը գտուի: