Յարութեան լուրը կանայք աւետեցին առաքեալներուն, որմէ ետք Յիսուսը երեւցաւ անոնց: Քրիստոսի Յարութիւնը դարձաւ քրիստոնէական վարդապետութեան եւ հաւատի հիմքը: «Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած. 14եւ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՝ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա Կորնթ. 15:13-14):
Ս. Յարութեան տօնին հաւատացեալները զիրար կ'ողջունեն «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով, կը պատասխանեն՝ «Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի»:
Զատկի տօնին հաւատացեալները հաւկիթ կը ներկեն: Ներկուած հաւկիթը կը համարուի Յարութեան եւ նոր կեանքի խորհրդանիշ: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ խաչեալ Յիսուսի կենդանարար արիւնը, որ թափեցաւ մարդկութեան փրկութեան համար: Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի՝ «Միայն Զատկին հաւկիթ կը ներկենք, որովհետեւ հաւկիթը օրինակ է աշխարհի», եւ ինչպէս իմաստունները կ'ըսեն. «Դուրսի կեղեւը նման է երկնքին, թաղանթը՝ օդին, սպիտակուցը՝ ջուրին, դեղնուցն ալ երկիրն է: Իսկ կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը: Եւ մենք կարմիր հաւկիթը մեր ձեռքերուն մէջ առնելով` կը հռչակենք մեր փրկութիւնը»:
Յինանց շրջանի քառասուն օրերը Յարուցեալ Քրիստոսի՝ աշակերտներուն երեւնալու եւ Աստուծոյ արքայութեան մասին վկայութիւններ տալու յիշատակութիւնն են (Գործք 1:3), իսկ վերջին տաս օրերը նուիրուած են Քրիստոսի Համբարձման:
Յինանց շրջանը կ'աւարտի Հոգեգալստեան տօնով: Համբարձումէն տաս օր ետք, ըստ Քրիստոսի խոստման, առաքեալներու վրայ իջաւ Աստուծոյ Ս. Հոգին, եւ զօրացած առաքեալները վկայեցին Քրիստոսին ամբողջ աշխարհով:
Այս առթիւ «Արեւելք» ջերմօրէն կը շնորհաւորէ համայն հայութիւնը, մաղթելով, որ մահուան յաղթելու խորհուրդով պարուրուած Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը բալասան կը դառնայ մեր վէրքերուն։