Իրանը ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Հորմուզի նեղուցը կը վերադարձնէ իր զինուած ուժերու խիստ վերահսկողութեան տակ։ «Հազրաթ Խաթամ ալ-Անպիա» կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ նեղուցը վերադարձած է իր նախկին կարգավիճակին։
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, հետեւելով բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած նախորդ համաձայնութիւններուն, բարի կամքով համաձայնած է նաւթային եւ առեւտրական նաւերու սահմանափակ եւ վերահսկուած անցումին՝ Հորմուզի նեղուցով։ Սակայն, դժբախտաբար, ամերիկացիները, իրենց պարտաւորութիւններու բազմաթիւ խախտումներով, կը շարունակեն զբաղիլ ծովահէնութեամբ եւ ծովային կողոպուտով՝ այսպէս կոչուած շրջափակման պատրուակով։ Այդ պատճառով Հորմուզի նեղուցի վերահսկողութիւնը վերադարձած է իր նախկին կարգավիճակին, եւ այս ռազմավարական նեղուցը կը գտնուի զինուած ուժերու խիստ կառավարման եւ վերահսկողութեան տակ»,– ըսուած է հրամանատարութեան յայտարարութեան մէջ։
Իրանական կողմը շեշտած է, որ խիստ վերահսկողութեան դրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Ուաշինկթընը դադրի խոչընդոտել Իրանի նաւահանգիստներ մեկնող եւ անկէ վերադարձող նաւերու ազատ անցքին։