Այսօր ՀԲԸՄ-ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 120-րդ ուղենշային տարեդարձը: Որպէս համաշխարհային մեր շարժման առաջնորդ, պատուի խորագոյն զգացումով, յարգանքի տուրքս կը մատուցեմ իւրաքանչիւր ղեկավարի, նուիրեալի, նուիրատուի եւ համակիրի, որոնք սատարած են այս ուղեւորութեան, որուն ընթացքը մշակուած է իմաստութեամբ, բարեհոգութեամբ եւ հայ ոգիի ուժին գիտակցութեամբ:
Այն ինչ ծնունդ առաւ Գահիրէ, Եգիպտոս, հիմնադիր խորհուրդի ժողովին մէջ, 20-րդ դարու սկիզբին, այսօր կը հանդիսանայ աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնը, որ ծանօթ անուն մըն է եւ կը վայելէ հայ ժողովուրդին վստահութիւնը աշխարհի տարածքին:
Տասնամեակներու ընթացքին, ՀԲԸՄ-ը հաւատարիմ մնաց իր հիմնադիրներու տեսլականին եւ յանձնառութեան՝ որ ուղղուած էր բարձրացնելու հայ ազգը աշխարհի տարածքին, կրթական, մշակութային, ընկերային-տնտեսական եւ մարդասիրական ծրագիրներով, գերնպատակ ունենալով ապահովել համայն հայ ժողովուրդին բարօրութիւնը:
Կ'ուզեմ նաեւ նշել, թէ հիմնադիրները յայտնօրէն նպատակադրած էին ՀԲԸՄ-ը զերծ պահել որեւէ քաղաքական ուղղուածութենէ, իրենց մտասեւեռումը կեդրոնացնելով հայ ժողովուրդի գերագոյն բարիքին ծառայելու կոչումին վրայ: Այդ ոգին խտացուած էր իրենց որդեգրած՝ Միութիւնը Զօրութիւն է լոզունգին մէջ: Պատգամ մը ուղղուած իրերայաջորդ սերունդներուն՝ թէ հայութեան հզօրացման բանալին կը կայանայ տարբեր տեսակէտներու, աշխարհայեացքներու, համոզումներու, տնտեսական դիրքի կամ ազգային ծագումի նկատմամբ լայնախոհ վերաբերման եւ այդ բոլորը ի շահ ընդհանրական նպատակներու հունաւորման մէջ:
Իրողութիւնը այն է, որ ՀԲԸՄ-ի հիմնադիրներու ոգին՝ բարգործութեան, անխտրական մօտեցումի, պատմական պահու հրամայականներու զգացողութեան եւ համազգային ակնկալութիւններու հարազատ դրսեւորումն էր, նախ եւ առաջ ուղղուած ըլլալով Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող եւ համիտեան բռնաճնշումներու ենթարկուած հայ համայնքներուն, որոնց հետ իրենք անմիջական շփում չունէին: Հետեւաբար, ՀԲԸՄ-ի գաղափարախօսութիւնը արագ տարածում գտաւ աշխարհագրական սահմաններէ եւ ովկեանոսներէ անդին, արձագանգ գտնելով հայ լայն զանգուածներու մօտ, որոնք կը բաժնէին բարեհոգութեան նոյն ոգին եւ ի վիճակի էին բերելու իրենց մասնակցութիւնը, համախմբուելով Միութեան առաքելութեան շուրջ:
Տարուէ տարի եւ տասնամեակէ տասնամեակ շարունակաբար, ՀԲԸՄ-ի դրոշմը ծաւալեցաւ եւ տարածում գտաւ, վերածուելով համաշխարհային շարժումի մը, որուն տեղական շրջանակները, իրենց ծրագիրներներով եւ գործունէութեամբ, բարերար ազդեցութիւն կը գործեն տարեկան 500,000-է աւելի հայ անհատներու վրայ, աւելի քան 30 երկիրներու մէջ:
Տագնապներու եւ ճգնաժամերու դէմ յանդիման, մենք միշտ ըսած ենք մեր խօսքը եւ ի գործ դրած ենք մեր միջոցները: Մենք անխախտ կը մնանք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ մեր յանձնառութեան մէջ: Ասիկա մեզ կը մղէ նպատակասեւեռ մնալու մեր առաքելութեան մէջ, գործելու առաւել արդիւնաւոր կերպով եւ միշտ տրամադիր՝ մարտահրաւէրներու դիմաց նոր առիթներ որոնելու: ՀԲԸՄ-ը շարունակ յառաջատար դիրքերու վրայ եղած է համաշխարհային պատերազմներու, ճարտարագիտական զարգացումներու, ժողովրդային շարժերու, վերագծուող քարտէսներու եւ քաղաքական վերադասաւորումներու յարափոփոխ պայմաններու դիմագրաւումին մէջ:
Ժառանգութիւն մը, որով մեծապէս հպարտ ենք բայց եւ զգաստ, գիտակից՝ թէ պէտք է միշտ նախաձեռնակ ըլլանք կարենալ դիմագրաւելու համար, աւելի քան որեւէ ժամանակ անցեալին, ներկայիս արագ փոխուող աշխարհի անորոշութիւնները:
Փափաքս է, որ այն բարերար ազդեցութիւնը զոր ՀԲԸՄ-ը ունեցած է հայութեան տարբեր խաւերու վրայ, տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր պայմաններու մէջ, ներշնչումի եւ ոգեւորութեան աղբիւր ըլլայ ձեր բոլորին: Երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ մեր բոլոր նուիրատուներուն, նուիրեալներուն եւ պաշտօնէութեան, որոնք հայ ոգիի յարատեւող ուժին դրսեւորումով գօտեպնդած են անցնող սերունդները եւ կը շարունակեն օրինակ ըլլալ գալիք սերունդներուն:
Անկեղծ երախտագիտութեամբ եւ գնահատանքով՝
Սէմ Սիմոնեան
ՀԲԸՄ-ի Նախագահ