Իրաքեան Քիւրտոստանի մէջ Նոյեմբերի 1-ին միաժամանակ տեղի պիտի ունենան ե՛ւ խորհրդարանական, ե՛ւ նախագահական ընտրութիւններ։ Այս մասին յայտարարած է Իրաքեան Քուրտիստանի ղեկավար Մասուտ Պարազանիի խորհրդական Քեֆահ Մահմուտ, կը գրէ քրտական «Rudaw» կայքը:
Ան նշած է, որ քանի մը օրէն պիտի հաստատուին նախագահի պաշտօնին համար պայքարող թեկնածուներու անունները, եւ ընտրական յանձնաժողովը պիտի հրապարակէ անոնց ցուցակը:
Պարազանիի խորհրդականը յայտնած է, որ ընտրութիւններուն իրենք պատրաստուած են շուրջ մէկ տարի, իսկ բուն տեխնիկական նախապատրաստական աշխատանքները մեկնարկած են 3 ամիս առաջ: