image

Քիւրտ քաղաքական գործիչներ թրքական քաղաքացիութենէ զրկուելու վտանգի առջեւ

Քիւրտ քաղաքական գործիչներ թրքական քաղաքացիութենէ զրկուելու վտանգի առջեւ

Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտնած են, որ երեք ամսուան ընթացքին Թուրքիա չվերադառնալու պարագային Ֆեթհուլլա Կիւլէն եւ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուող շուրջ 130 Թուրքիոյ քաղաքացիներ` պիտի զրկուին երկրին քաղաքացիութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը, նշելով, որ քաղաքացիութենէ զրկուելու վտանգի առջեւ կանգնած են նաեւ շարք մը քիւրտ քաղաքական գործիչներ: 

 

Յիշենք, որ նշեալ 130 քաղաքացիները կը մեղադրուին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամակցելու կամ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչը նկատուող Կիւլէնի «Հիզմեթ» շարժումին հետ կապ ունենալու մէջ: