Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտնած են, որ երեք ամսուան ընթացքին Թուրքիա չվերադառնալու պարագային Ֆեթհուլլա Կիւլէն եւ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուող շուրջ 130 Թուրքիոյ քաղաքացիներ` պիտի զրկուին երկրին քաղաքացիութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը, նշելով, որ քաղաքացիութենէ զրկուելու վտանգի առջեւ կանգնած են նաեւ շարք մը քիւրտ քաղաքական գործիչներ:
Յիշենք, որ նշեալ 130 քաղաքացիները կը մեղադրուին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամակցելու կամ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձի կազմակերպիչը նկատուող Կիւլէնի «Հիզմեթ» շարժումին հետ կապ ունենալու մէջ: