image
Հրատապ լուրեր:

Քիչ չէ թիւը այն լիբանանահայերուն, որոնք լրջօրէն Հայաստան ներգաղթել կը մտածեն.Սալբի Մկրտիչեան Թէլֆէյեան

Քիչ չէ թիւը  այն    լիբանանահայերուն, որոնք      լրջօրէն Հայաստան  ներգաղթել  կը մտածեն.Սալբի Մկրտիչեան Թէլֆէյեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Լիբանանահայ   Սալբի Մկրտիչեան-Թէլֆէյեանը

-Ներկայիս ինչպիսի՞  տրամադրութիւն  կը տիրէ Լիբանանահայ համայնքի մօտ, ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ  կարեւոր նշանակութիւն ունեցող հայկական գաղութը:

Լիբանանահայ գաղութը Լիբանանին մաս կազմելով, կը տառապի այն նոյն հարցերէն, ինչէն կը տառապին Լիբանանի բոլոր քաղաքացիները: Ինչպէս գիտէք, Լիբանանի տնտեսական վիճակը անկումի մէջ է եւ այս մէկը մեծապէս կ'ազդէ մեր համայնքին վրայ։ Տնտեսական այս անկումը ընդհանրապէս ամէնէն աւելի կ'ազդէ հայ գաղութին վրայ, որովհետեւ հայերը, ինչպէս գիտէք, մեծամասնութեամբ արհեստաւորներ են եւ այդ տնտեսական անկումի ազդեցութիւնը առաջին հերթին իրենց վրայ կ'անդրադառնայ։ Կայ նաեւ հայկական վարժարաններու խնդիրը, վստահ գիտէք, որ դպրոցները սկսած են շատ բարձր կրթաթոշակ պահանջել, այս մէկը ժողովուրդին վրայ շատ վատ ազդեցութիւն ունեցաւ, որովհետեւ բարձր դասակարգի պատկանող որոշ խաւ մը, փոխանակ այդ բարձր գումարը հայկական դպրոցին վճարէ, կը նախընտրէ իր զաւակը արաբական դպրոցներ ուղարկել, իսկ կայ նաեւ խաւ մը, որ չի կրնար  մեծագումար կրթաթոշակները վճարել եւ  կը նախընտրէ  իր    զաւակները  պետական անվճար դպրոցներ  ղրկել  կամ ընդհանրապէս դպրոցէն հանել։

 

-Վերջին շրջանին, յատկապէս Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք շատ կը լսենք, որ Լիբանանի մէջ որոշ խաւեր մտադիր են Հայաստան տեղափոխուիլ, արդեօք որեւէ տեղեկութիւն ունիք, կամ ընդհանրապէս ձեր շրջանակին մէջ կան այդպիսի խօսակցութիւններ: Եթէ այո, ի՞նչ հիմունքներով է որ լիբանանահայերը մտադիր են Հայաստան ներգաղթել:

Այս վերջին շրջանին յատկապէս շատերէ կը լսենք, որ մտադիր են ներգաղթել եւ հայրենիք վերադառնալ, հոն գործ մը ընելու նպատակով: Արդէն լիբանանահայերը մեծամասնութեամբ տուն առած են Հայաստանէն կամ կը պատրաստուին գնելու եւ որոշած են ներգաղթել: Ներգաղթի գաղափարին բնականաբար հիմք կը ծառայէ Լիբանանի անկայուն տնտեսական վիճակը, առաւել Հայաստանի մէջ իրականացուած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը կարծես յոյս մը տուաւ իրենց, այնտեղ ստեղծուած արդար եւ հաւասար պայմաններուն մէջ գործ սկսելու: Շատ կը լսեմ նման մտադրութեան մասին,  իմ շրջանակէս շատերու զաւակները կամ  ամուսինները  Հայաստան  մեկնեցան  որպէսզի սերտեն, թէ  գործի վերաբերեալ ինչ կրնան ընել, որպէսզի Հայաստան գալու գործնական քայլեր  առնեն:

 

-Ի՞նչ տուելաներ ունիք Լիբանան հաստատուած սուրիահայերուն մասին, որոնք պատերազմի հետեւանքով յայտնուեցան Լիբանանի մէջ, տեղեկութիւններ ունինք, որ անոնք բաւական դժուար կացութեան մէջ են, ինչքանով ճիշդ են այդ տեղեկութիւնները: 

Ես սուրիահայ գաղութի մասին ընդհանրապէս տեղեակ  չեմ, բայց սուրիահայ մի քանի ծանօթներ ունիմ, որոնք Սուրիան  հարուածած    պատերազմին   հետեւանքով ստիպուած  եղան կռիւներուն Լիբանան հաստատուիլ։ Կրնամ ըսել,  որ անոնցմէ  շատեր արդէն Հայաստան ներգաղթեցին,  իսկ   մաս մըն  ալ այստեղ  մնացին ու միայն իրենց  զագակները   ղրկեցին։Կան  սուրիահայեր  ալ, որ   արդէն իսկ  յարմարուած  են լիբանանեան  պայմաններուն։