image

Քեսապի եկեղեցական, դպրոցական եւ բնակարանային հնագոյն շինութիւնները. Լուսանկարներ

Քեսապի եկեղեցական, դպրոցական եւ բնակարանային հնագոյն շինութիւնները. Լուսանկարներ

Յակոբ Չոլաքեան

 

 

Քեսապ աւանի եւ շրջակայ բոլոր գիւղերու տուները երկշարք քարէ շարուածք ունէին, գերաններու վրայ հանգչող տանիք, որ ծածկուած կ’ըլլար կապտորակ կամ դեղնաւուն ապարով (գույրուօգ): Շարուածքը ամրացուած կ’ըլլար կրաշաղախով կամ յարդով խառնուած հողէ ցեխով (մուրուօտ<մօրտ): Ընդհանրապէս միայարկ ու երկյարկանի տուներ էին ասոնք: Բոլոր եկեղեցիները նոյնպիսի կառոյց ունէին՝ առանց գմբէթի, հողէ տանիքներով, մինչեւ 1900 թուականը՝ առանց զանգակատունի (առաջին նկարը):

1860-ական թուականներէն սկսեալ տեղ-տեղ երեւցան կղմինտրածածկ շէնքերը: Ասոնք առհասարակ բողոքական ու լատին համայնքներու եկեղեցական ու դպրոցական շէնքերն էին: Ասոնց առաջիններէն մէկն է ամերիկացի միսիոնարներու կառուցել տուած Խոդի (հիմա՝ Սահա) շէնքը, որ 1920ականներէն ետք գործածուած է իբրեւ նամակատուն եւ մաքսատուն: Այժմ լրիւ ձեւափոխուած է (երկրորդ նկարին մէջ, աջին):

1909-ի աղէտէն ետք բազմացան կղմինտրածածկ շէնքերը: Ասոնցմէ յիշենք Գարատուրանի աւետարանական եկեղեցին, Քեսապի աւետարանական համայնքին պատկանող Խոդի քանի մը շէնքերը՝ երիցատունն (երրորդ նկարը) ու դպրոցական շէնքերը, լատինաց հին վանքը, Ժողովրդային Գրադարանը, Գարատուրանի եւ Չինարի լատինաց դպրոցները: Բոլորն ալ ներքին եւ արտաքին հիմնական փոփոխութիւններ կրած են վերջերս ու գրեթէ անճանաչելի դարձած:

1920-ական թուականներուն ասոնց վրայ կ’աւելնան լատինաց վանքի նոր համալիրին մէջ մտնող շէնքերը՝ եկեղեցին, երիցատունը, դպրոցը, Ուսումնասիրաց երկրորդական վարժարանի շէնքը, մայր եկեղեցիին նոր ծածկը: Ասոնցմէ միայն առաջին համալիրը գրեթէ նոյնութեամբ կանգուն կը մնայ: Միւսները կրկին փոփոխութեան ենթարկուած են: 1920-1930 թուականներուն յատկապէս Ամերիկայէն վերադարձող հայրենակիցներ կղմինտրածածկ ընդարձակ ու սիրուն տուներ կը կառուցեն Քեսապի մէջ, որոնցմէ ոչ մէկը անխաթար մնացած է (չորրորդ նկարը):
Կղմինտրածածկ տուներուն տախտակեայ յատակն ու տանիքի կմախքը տարագրութենէն առաջ կը կապէին առհասարակ այնթապցի եւ ուրֆացի վարպետները: Քեսապցիներէն յայտնի էր Մաթաթ Վարպետը (Մատաթիա Կարպուշեան): Կղմինտրը եւրոպական էր, ներածուած. փորձ եղած է տեղւոյն վրայ եւս թրծել:

 


 

Խոդի հրապարակը. աջին միսիոնարներու նախկին շէնքը: Քեսապցիք այսպէս կը դիմաւորէին պետական եւ ազգային-եկեղեցական հիւրերը: Ձախին՝ հանրայայտ Սագգալլէն Յակոբն է`լուսանկարիչը

 

 

Վարի կամուրջն ու Աւետարանական եկեղեցւոյ երիցատունը. երկուքն ալ չկան

 


Հաւանաբար՝ տքթ. Աւետիս Ինճեճիքեանի Գալայի տունը: Դէմքերը անծանօթ կը մնան: Այժմ՝ ամբողջապէս ձեւափոխուած է եւ տրամադրուած Բերիոյ թեմի առաջնորդարանին