Սէուտական Արաբիան, Արաբական էմիրութիւնները, Պահրէյնը եւ Եգիպտոսը՝ Քաթարի պարտադրուած շրջափակումը վերցնելու համար 23 յունիսին Քուէյթի միջոցով Տոհայի ներկայացուցած են պահանջներու ցանկ մը:
13 կէտերէ բաղկացած այդ ցանկը այլ բան չէ, եթէ ոչ՝ Տոհան անձնատւութեան մղելու միտող փաստաթուղթ մը, որ տարածաշրջանին մէջ տիրող լարումը կրնայ ա՛լ աւելի սաստկացնել:
Արդարեւ այդ ցանկով Քաթարէն կը պահանջուի.-
1) Իրանի հետ զինուորական կամ ապահովութեան ամէն տեսակի գործակցութեան խզում, նուազագոյնի զեղչելով այդ երկրին հետ յարաբերութիւնները, փակելով Տոհայի մէջ Իրանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը:
2) Անմիջական փակում թրքական զինուորական խարիսխի, որ կազմաւորման ընթացքի մէջ է, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ հետ զինուորական գործակցութեան դադրեցում:
3) Ամբողջական խզում ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, յատկապէս Մահմետական եղբայրներու, Իսլմական պետութեան, Արեւելքի նուաճման ճակատին (նախկին ալ-Նոսրա) եւ Հեզպոլլահի հետ:
4) Վե՛րջ գանձատրման՝ անձերու, խումբերու եւ կազմակերպութիւններու, որոնք Սաուտական Արաբիոյ, Էմիրութեանց, Եգիպտոսի, Պահրէյնի կամ ԱՄՆ-ու կողմէ կը նկատուին ահաբակիչ, կամ ահաբեկչական:
5) Յանձնում Քաթար հաստատուած ահաբեկիչ անձերու, որոնք որպէս այդ հետախուզման մէջ կը գտնուին Սաուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն եւ իր դաշնակիցներուն կողմէ: Ռիյատ եւ Ապու Տհապի նման անձնաւորութեանց 59 հոգինոց ցանկ մը պատրաստած են:
6) Փակում «Ալ-Ժազիրա» հեռատեսիլի կայանին, ինչպէս նաեւ այն միւս բոլորին, որոնք նշեալին առընչուած կը նկատուին:
7) Տոհա պէտք է վերջ տայ շրջանի երկիրներու ներքին գործերուն միջամտութեան:
8) Քաթար պէտք է իր դրացիներուն վճարէ գումարներ, որպէս հատուցում վերջին տարիներուն իր վարած վնասաբեր քաղաքականութեան:
9) Քաթար պէտք է իր վարած զինուորական, ընկերային եւ տնտեսական քաղաքականութիւնները պատշաճեցնէ Ծոցի միւս երկիրներու վարած քաղաքականութիւններուն:
10) Քաթար պէտք է յանձնէ իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր տեղեկութիւնները ինչ կը վերաբերի չորս երկիրներու ընդդիմութեան անդամներուն, որոնց ապաստան տուած է անցեալին: Պէտք է ամէն կապ խզէ այդ ընդդիմադիրներուն հետ:
11) Պէտք է փակէ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով իր հիմնած բոլոր լրասփիւռները, ինչպէս՝ Arabi21, Al Araby al-Jadeed, Rassd, Mekameleen ou Middle East Eye կայքէջերը: Նշեալները կա՛մ հիւրընկալուած են Թուրքիոյ կողմէ, կա՛մ ալ հաստատուած են Լոնտոն:
12) Տասը օրուան պայմանաժամի մը ընթացքին պէտք է գոհացում տալ այս ցանկով ներկայացուած պահանջներուն:
13) Համաձայնութեան պարագային՝ անոր թուականէն սկսեալ մէկ տարուան ընթացքին՝ Քաթար պէտք է ընդունի ամսական հաշուեքննութիւններ, ստուգելու համար, թէ կը գործադրուի՞ն յանձնառութիւնները: