Այսօր կը լրանայ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի երրորդ տարելիցը, ինչի կապակցութեամբ քաղաքացիներն ու ՀՀ ղեկավար կազմը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, այցելած են Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին:
Նշենք, որ 2016 թուականի ապրիլի 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ատրպէյճնական կողմը Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ սկսած է լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ: Արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով լայնամասշտաբ ռազմական գործողություններ են ընթացել Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու միջեւ:
Առաւել թէժ մարտեր ընթացած են արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծի հարաւային (Հադրութ) եւ հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) ուղղութիւններով։
Մարտական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 100 մասնակից:



