Ամերիկեան «Washington Times» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր անդրադարձած է այն տարաձայնութիւններուն, որոնց համաձայն Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Պըն Սալման 21 ապրիլին տեղի ունեցած ինքնաշարժի վթարին հետեւանքով կեանքէ հեռացած է:
Թերթը նշած է, որ տարածուող լուրերուն ետին կանգնած են իրանեան լրատուամիջոցները, որոնք, ըստ ամերիկացի վերլուծաբաններու, նպատակ ունին Սէուտական Արաբիան ներկայացնել որպէս ոչ կայուն պետութիւն:
Թերթը փոխանցած է նաեւ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան կարծիքը, թէ տարածուած լուրերը մտացածին են, իսկ որոշ արաբական լրատուամիջոցներ ոչ հաւաստի աղբիւրներու վրայ հիմնուելով կը հրապարակեն իրենց լուրերը, միաժամանակ շեշտելով, որ օրերս ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարը կապ հաստատած է Պըն Սալմանի հետ: