Նիճէրիա- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- «Պոքո հարամ» ծայրայեղական խմբաւորման առաջնորդ Ապու Պաքր Ալ-Շաքուին հինգշաբթի օր տեսերիզի միջոցաւ երեւցած է, վերջ դնելու համար իր մահուան շուրջ տարածուող տարաձայնութիւններուն: Այս մասին կը փոխանցէ «Շարք Ալ-Աուսաթ», նշելով, որ Ալ-Շաքուին շատ տկար եւ նիհար տեսքով երեւցած էր, պղտոր «You Tube»ի վրայ եղած արձանագրութեան մը մէջ, ուր իր կողքին դրուած եղած է «Տահէշ»ի սեւ դրօշը եւ ըսած՝ «Ես Մուհամէտ Ապու Պաքր Ըպն Մուհամէտ Ալ-Շաքուին եմ, Սիւննի ժողովուրդի քարոզի եւ ճիհատի իմամը, եւ սա է իմ դէմքը, իմ խօսքը եւ իմ պատգամը»: Կը նշուի նաեւ, որ ան մարտ 2015-ին իր հնազանդութիւնը յայտնած էր ծայրայեղական «Տահէշ» կազմակերպութեան, եւ այժմ Նիճէրիոյ ոստիկանութիւնը կը փորձէ գտնել, թէ ուր նկարահանուած է այս տեսերիզը:
Աղբիւրի հաղորդմամբ այս տեսերիզը նախորդներէն կը տարբերի իր որակով եւ Ալ-Շաքուիի խօսած դանդաղ եւ առանց հիւմորի ոճով, որով ինք նշանաւոր էր, ինչպէս նաեւ՝ չէր տարածուած «Տահէշ»ի պատկանող կամ այլ ճիհատական թվիթըրի հաշիւներուն վրայ: Ան տեսերիզին մէջ Ալ-հաուսայի լեզուով խեղծացած ըսած է՝ «Աստուած մեզ պահպանէ, փառք տիրոջ»:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Նիճէրիան անցեալ տարի մեծ յարձակում գործած էր Չատի, Նիճէրիոյ եւ Քամէրոնի աջակցութեամբ եւ վերագրաւած էր Կուզան, եւ Պոքո Հարամի ձեռքը ինկած քաղաքներու ու գիւղերու մեծ մասը: Այդ օրերէն ի վեր է, որ խմբաւորումը դժուարութիւն ունեցած է սննդամթերքի եւ վարելանիւթի մատակարարման մէջ, ինչն ալ պատճառ դարձած էր, որ սոված պատերազմողները ինքզնքնին յանձնեն:
Ինչպէս կը նշուի, Ալ-Շաքուին կրնայ պահուըտած ըլլալ Սամպիսայի անտառին մէջ, որ Պորնո նահանգին մէջ Պաքո հարամի պատմական կեդրոններէն մէկը եղած էր, եւ որու զօրակայաններուն մեծ մասը բնաջնջուած էր բանակի կողմէն: Նիճէրիան բազմիցս յայտարարած էր Պաքո հարամի ղեկավարութիւնը ստանձնած Ալ-Շաքուիի մահը, եւ բանակը կ'ենթադրէ, որ այս տեսերիզին մէջ անոնք ապաւինած են իրեն մեծապէս նմանող մարդոց: