Պոլսահայութեան լայն շրջանակներու մօտ խոր վրդովմունք յառաջացած է Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին ուղղուած մեղադրանքներուն առընթեր: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ անցնող օրերուն տարբեր շրջանակներ ներկայացնող պոլսահայ պատասխանատու անձնաւորութիւններ Պատրիարքարան այցելած են եւ իրենց զօրակցութիւնը փոխանցած Պատրիարքութեան եւ յատկապէս տեղապահ Սրբազանին: Նշենք, որ յունիսին Պատրիարքարանին մէջ գումարուած էին զոյգ կրօնական եւ աշխարհական ժողովներ: Ժողովի աւարտին Պոլսոյ հայ համայնքի համակարգող մարմինը ՝ ՎԱՏԻՓ յայտարարութիւն մը հրապարակած էր եւ կոչ ուղղած պոլսահայերուն՝ ըմբռնումով մօտենալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի Էրտողանին ուղղած նամակին առընթեր, յայտարարելով նաեւ, որ այդ նամակին պատասխանատուութիւնը կը կրէ, ոչ թէ Տ. Արամ Սրբազանը այլ ամբողջ պոլսահայութիւնը: Նշենք, որ պատրիարքարանի մօտիկ աղբիւրներէն տեղեկութիւն ստանալով հայրենի լլրատուական ծառայութիւններ տեղեկութիւն հրապարակած էին Սրբազանի Հայաստան տալիք այցին մասին: Այլ ճակատի վրայ կը հաղորդուի նաեւ, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բողոքի ցոյցով պիտի դիմաւորուի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին առջեւ: Ցոյցը կը սպասուի 22 յունիսին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին Մոսկուայէն Երեւան ժամանման օրը: