image

Պոլիսը «նեղ կացութիւն» կը ստեղծէ Էրտողանի համար

Պոլիսը  «նեղ  կացութիւն» կը ստեղծէ Էրտողանի  համար

Ինչպէս  գիտեք՝  Թուրքիոյ մէջ   երէկ աւարտին հասան  տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնց իրենց  մասնակցութիւնը բերին  յիսուն միլիոն  քաղաքացիներ։

Ուշագրաւն  այն էր, որ  էրտողանի  «Արադարութիւն եւ զարգացում»  կուսակցութիւնը    երեւելի  պարտութիւն կրեց  Թուրքիոյ մեծ  քաղաքներուն՝  Անքարայի,   Անթալիոյ  եւ Իզմիրի  մէջ։

Քուէաթերթիկներու    հաշուարկի  սկիզբէն ժամեր անց     Թուրքիոյ իշխող  կուսակցութեան համար մեծ  կարեւորութիւն    կը սկսէր  ունենալ մանաւանդ Պոլսոյ  մէջ     գրանցուած  արդիւնքները։

Աւելի  ուշ,  մինչ  AKP -ի   Պոլսոյ   թեկնածու  նախկին վարչապետ Պինալի  Եըլտըրըմ,  որ     իր համակիրներուն         խօսելով  յայտարարած էր իր    «վստահ» յաղթանակին մասին,   Էրտողան,    «տատամսկոտ»  ելոյթ մ՚ունենալով,  կը  յայտարարէր, որ  շատ հաւանական է, որ իրենք  Պոլսոյ մէջ   եւս  պարտուած ըլլան։

Իր  կարգին      CHP     ընդդիմադիր    կուսակցութեան   թեկնածու   Աքրամ  Իմամօղլու, որ նոյն  ժամերուն  եւս ելոյթ  մը կ՚ունենար, կ՚ըսէր, թէ  Պոլսոյ մէջ  իրենք  յաղթական  են եւ  գրանցած են  28     հազար  ձայնի   յստակ  առաւելութիւն մը։

Ի դէպ    Թուրքիոյ     Կեդրոնական Ընտրական  մարմինը, մինչեւ այս պահը    Պոլսոյ   արդիւնքներուն  մասին յստակ       տեղեկութիւններ չէ հաղորդած, հետեւաբար մինչեւ այս պահը    յստակ չէ   Պոլսոյ ընտրութիւններուն   վերջնական   պատկերը։ Յառաջիկայ   ժամերուն      Պոլսոյ  պատկերը   անշուշտ  պիտի յստականայ,  սակայն աւելի քան բացայայտ է, որ  Թուրքիոյ կեդրոնական քաղաք  համարուող   «տնտեսական  մայրաքաղաք»   Իսթանպուլը  պիտի դառնայ իշխող   կուսակցութեան՝      AKP-ին   մեծագոյն  «գլխացաւանքը»։