31 Յունուար 2016 թ. Գերմանիոյ Պոխում քաղաքին մէջ, Կաթողիկէ թեմի Ս. Մարիամ դահլիճէն ներս տեղի պիտի ունենայ մանկապատանեկան բարեգործական համերգ մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ հայ գիրքի յուշարձան ստեղծելու նպատակին: Համերգին մասնակից պիտի ըլլան Հայաստանէն ժամանած երգի ու պարի տարբեր խումբեր, ուր ներկաները առիթ պիտի ունեանան ընկերային մթնոլորտի մը մէջ մասնակցիլ անոնց պարերուն:
Մասնակցութեան իւրաքանչիւր տոմսի սակէն 2 եուրօ պիտի տրամադրուի Պոխումի մէջ հայկական գիրքերու յուշարձանի ստեղծման: