image

Պոխումի Մէջ Հայ Գիրքի Յուշարձանի Ստեղծման Նուիրուած Բարեսիրական համերգ Պիտի Տրուի

Պոխումի Մէջ Հայ Գիրքի Յուշարձանի Ստեղծման Նուիրուած Բարեսիրական համերգ Պիտի Տրուի

31 Յունուար 2016 թ. Գերմանիոյ Պոխում քաղաքին մէջ, Կաթողիկէ թեմի Ս. Մարիամ դահլիճէն ներս տեղի պիտի ունենայ մանկապատանեկան բարեգործական համերգ մը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ հայ գիրքի յուշարձան ստեղծելու նպատակին: Համերգին մասնակից պիտի ըլլան Հայաստանէն ժամանած երգի ու պարի տարբեր խումբեր, ուր ներկաները առիթ պիտի ունեանան ընկերային մթնոլորտի մը մէջ մասնակցիլ անոնց պարերուն:

Մասնակցութեան իւրաքանչիւր տոմսի սակէն 2 եուրօ պիտի տրամադրուի Պոխումի մէջ հայկական գիրքերու յուշարձանի ստեղծման: