Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի հերթական տարեդարձին ընդառաջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը դիմէ պատերազմի մասնակից վեթերաններու հարազատներուն:
Լուսանկարները եւ տուեալները պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը խնդրէ ուղարկել modpress@mil.am, hayzinvor@mil.am հասցէներուն` կատարելով «1941-1945» նշումը:
Յիշեցնենք, որ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի եւ Ռուսաստանի պաշտօնակիցի հանդիպման ընթացքին Սերկէյ Շոյկուն Դաւիթ Տօնոյեանին շնորհակալութիւն յայտնած էր իրենց խնդրանքին արձագանգելու համար ու խնդրած էր արագցնել նկարները փոխանցելու աշխատանքը։