Տիարպէքիր- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Քրատական Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK) զինեալներ հրկիզած է բազմադարեան հնութիւն ունեցող մզկիթը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ Հարաւ արեւելեան բաժինը, Տիարպէքիրի Սուր թաղամասին մէջ եւ ծանօթ է նաեւ Ֆէթիհ Փաշայի մզկիթ անունով, կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ»: Ինչպէս կը նշէ աղբիւրը, այս յարձակումը կը նկատուի զինեալներուն կողմէ եղած «ամենաահաւոր բռնութիւն»ը, ուղղուած մշակութային ժառանգութեան:Աղբիւրէն կը տեղեկանաք, որ քիւրտ զինեալները տեղական արտադրութեամբ տնային պայթուցիկներով յարձակում գոծելէ ետք մզկիթի վրայ, արգելափակած էին դէպքի վայր փութացող ոստիկանութեան եւ հրշէջներու մուտքը, որպէսզի չկարենան կրակը մարել, ուր նախապէս պարետային ժամ յայտարարուած էր, կանխելու համար նման գործողութիւնները:Ֆաթիհ Փաշա մզկիթը այսպիսով մաս կազմած է PKK- ի զոհ գացած պատմական վայրերու երկար ցանկին: Նոյն շրջանին մէջ կը գտնուին նաեւ շատ մը այլ պատմական մզկիթներ ինչպէս նաեւ հայկական կաթոլիկ եւ բողոքական եկեղեցիներ:Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ ահաբեկիչներու եւ անվտանգութեան ուժերու միջեւ ծանր բախումներու թատերաբեմ հանդիսացող Սուր թաղամասի մէջ սպաննուած են երկու ոստիկաններ եւ Տիարպէքիրի իրաւաբաններու Միութեան նախագահը՝ Թահէր Իլչին: