image

Պիտի չարտօնենք Էրտողանի թիկնապահներուն, որ Ուաշինկթընի մէջ եղածը Համպուրկի մէջ կրկնեն.Համպուրկի ոստիկանապետ

Պիտի չարտօնենք Էրտողանի թիկնապահներուն, որ Ուաշինկթընի մէջ   եղածը Համպուրկի մէջ կրկնեն.Համպուրկի ոստիկանապետ

Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքին մէջ 11 յուլիսին տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի երկիրներու վեհաժողովէն առաջ տեղւոյն ոստիկանութիւնը յատուկ միջոցառումներու ձեռնարկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներուն դէմ: Այս մասին «Արմէնբրես»ի համաձայն, կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» օրաթերթը, նշելով, որ Համպուրկի ոստիկանապետ Ռալֆ Մարթին Մէյըր յայտարարած է, որ իրենք պիտի չարտօնեն օտար երկիրներու ղեկավարներու թիկնապահներուն Գերմանիոյ մէջ անկարգութիւններ կատարել: «Պիտի չարտօնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի թիկնապահներուն կողմէ Ուաշինկթընի մէջ ցուցարարներու դէմ կատարուած յարձակումին նման դէպքեր Համպուրկի մէջ ալ կրկնուին», ըսած է Մէյըր:

Ան նշած է, որ թիկնապահները իրաւունք ունին միջամտելու միայն այն պարագային, երբ իրենց ղեկավարը յարձակումի թիրախ է: Բացի ատկէ, Մէյըր յայտնած է, որ անվտանգութեան աշխատակիցներուն պիտի արտօնուի զէնք կրել միայն յատուկ արտօնութեան պարագային: