image
Հրատապ լուրեր:

Փութին. Ասատ Պատրաստ Է «Միջին Լուծումներու»

Փութին. Ասատ Պատրաստ  Է  «Միջին Լուծումներու»

 Ռուսիա- («Արեւելք») Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին  յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով յայտնած է, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ  պատրաստ է «միջին լուծումներու»:  Թէ ինչ կը նշանակէ միջին լուծում   ցարդ յստակ չէ: Մէկ բան պարզ է, որ  Սուրիոյ տագնապին  օրակարգով  կարեւոր խմորումներ կը կատարուին, եւ   նոր բանաձեւումները  շատ հաւանաբար հասունցած են Փութին- Օպամա վերչին Նիւ Եորքեան հանդիպումներու  ատեն: