Պէյրութի նաւահանգիստի կարգ մը ամբարներուն մէջ վտանգաւոր եւ դիւրաբորբ նիւթեր գտնուած են։
Այս մասին յայտնած է նաւահանգիստի ընդհանուր տնօրէն Պասէմ Ալ Քայսին։ Քայսի ըսած է, որ վերջին օրերուն կատարուած հետազօտութեանց արդիւնքով յայտնի դարձած է, որ կարգ մը ամբարներու մէջ կան վտանգաւոր նիւթեր, որոնք կրնան շատ արագ հրդեհներու պատճառ դառնալ։
Ան նաեւ ըսած է, որ այս առումով դատական հայց պիտի ներկայացնէ պահանջելով բոլոր այն կողմերուն պատասխանատւութիւնը, որոնք կը համարուին այդ դիւրաբորբ նիւթերու ամբարման պատասխանատուներ։
Յիշեցնենք, որ ինչպէս «Արեւելք» յայտնած էր անցեալ 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որոտացած պայթումը պատճառ դարձած էր հարիւրաւոր զոհեր աւերակ դարձնելով Պէյրութի կարեւոր մէկ հատուածը։