Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ իրականացուած որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ 24 Յունիսին յայտնաբերուած եւ տարհանուած է եւս մէկ աճիւն: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:
Նախնական տուեալներով ան ռազմական գործողութիւններու մասնակից է: Անոր ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբաժշկական փորձաքննութենէն ետք:
13 Նոյեմբեր 2020-էն մինչեւ 24 Յունիս 2021-ը, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն յայտնաբերուած եւ տարհանուած է 1585 աճիւն: Որոնումները պիտի շարունակուին նաեւ առաջիկային: Ուղղութիւններու եւ արդիւնքներու մասին ծառայութիւնը պիտի տրամադրէ յաւելեալ տեղեկատուութիւն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ