Լիպիոյ սպաննուած նախագահ Մուամար Գազաֆիի որդին առեւանգուելէ ետք ազատ արձակուած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը, որ նաեւ կը հաղորդէ, որ Գազաֆի Լիբանանի ապահովական մարմիններուն յանձնուած է միջորդ կողմի մը միջոցաւ: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ Գազաֆի առեւանգուած է անծանօթ զինեալներու կողմէ: Կայանը աւելի ուշ ցուցադրած է տեսաերիզ մը, ուր Անիբալ Գազաֆի կը յայտնէ իր «ապահով եւ ատուածավախ մարդոց» մօտ գտնուելուն մասին եւ կոչ կ'ընէ, բոլոր Լիպիոյ մէջ անհետացած լիբանանցի շիիթ կրօնաւոր Իմամ Մուսա Ալ Սատըրի մասին տեղեկութիւններ ունեցողներուն «մարդկային մօտեցում ցուցաբերել եւ վերջ տալ այս տառապանքին»: Նշենք, որ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ բացայայտօրէն երեւելի է, որ Գազաֆի բռնութիւններու ենթարկուած է: Իր կարգին բրիտանական «Տը Կարտիեըն» պարբերականը նոյն լուրը փոխանցելով գրած է, թէ շատ հաւանական է, որ Գազաֆիի առեւանգումը կապ ունի 1978-ին Մուսա Սատըրի Լիպիոյ մէջ անհետացման դէպքին հետ: