image

Պայթում Քիեւի ամերիկեան դեսպանատան մէջ

Պայթում Քիեւի ամերիկեան դեսպանատան մէջ

Այսօր՝ հինգշաբթի առաւօտեան Քիեւի ամերիկեան դեսպանատան մէջ պայթում տեղի ունեցաւ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական Sputnik գործակալութիւնը, յղում ընելով Ուքրանիոյ ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան:

Աղբիւրի համաձայն, ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած է ամերիկեան դեսպանատան մէջ պայթումի մասին, որ կը գտնուի Քիւեւի Շեւչենկոյի թաղամասը:

Աղբիւրը կը նշէ, թէ քննութիւնները պարզած են, որ «անյայտ անձինք պայթուցիկ սարք ներտած են դեսպանատունէն ներս». պայթումի  հետեւանքով զոհեր չկան: