«Պատրիարքարանը կ'ուզէ իւրացնել իմ հօրենական տունս»,- «Արեւելք»ին ըսաւ սաղիմահայ Սերոբ Սահակեան, մանրամասնելով, որ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ գտնուող եւ իրեն ժառանգուած հօրենական յարկաբաժինը պատրիարքութիւնը կը փորձէ իւրացնել: Ան նաեւ ըսաւ, որ պատկառելի գումար ներկայացնող եւ 40 տարի առաջ «պաշտպանեալ վարձուոր»ի օրէնքով իր ծնողներուն տրուած յարկաբաժինը կը գտնուի Երուսաղէմի յորդանանեան տիրապետութեան ժամանականաշրջանին կառուցուած «հայկական շէնք»ին մէջ, որ կը բաղկանայ 24 յարկաբաժիններէ եւ կառուցուած է 1964-ին ու պատրիարքութեան յատուկ կարգադրութեամբ տրուած է սաղիմահայ ընտանիքներուն՝ խթանելու համար շրջանին մէջ հայ բնակիչներու թիւին աճը: Բնակարանները նաեւ ենթակայ են վարձակալութեան յատուկ օրէնքի մը, ու իր ծնողներուն մահէն ետք պատրիարքարանը մերժած է վերանորոգել առկայ վարձակալակական համաձայնագիրը եւ այսօր նոյնպէս կը մերժէ վերանորոգել այդ փաստաթուղթը: «Մայրս մահացաւ 2002-ին, պատրիարքարանէն եկան ու ըսին, որ պէտք է դուրս գամ եւ տունը իրենց յանձնեմ: Ես ընդդիմացայ, որովհետեւ հոս տուն չունենալը կը նշանակէ կորսնցնել Երուսաղէմի մշտական բնակութեան իրաւունքը»: Ըստ Սահակեանի, այդ օրերուն է, որ պատրիարքարանը մերժեց վերանորոգել համաձայնագիրը եւ այսօր ալ ինք մեծ ճնշումներու կ'ենթարկուի: «Եղած են շատ դէպքեր, որ պատրիարքարանը դիւրացուցած է տուները իրենց ժառանգորդներուն տալու ու առկայ համաձայնագիրները վերանորոգելու գործընթացը»: Բայց իր պարագային պատրիարքարանը կը մերժէ իր արդար պահանջը, նկատել տալով նաեւ, որ իր համար «շատ նուաստացուցիչ է, որ պատրիարքարանը կը փորձէ Իսրայէլի դատական մարմիններուն ճամբով լուծել այս խնդիրը»:
Նշենք, որ Սերոբ Սահակեան քանի մը առիթներով խնդրին լուծումը պահանջող նամակներ գրած է Երուսաղէմի պատրիարքութեան, բայց իր նամակները մնացած են անպատասխան: