Պոլսոյ նահանգապետարանէն ներս քննարկուած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հարցը: Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ «Ակօս»ը, յիշեցնելով որ ընտրութեան ամսաթիւը յստակեցնելու համար պատրիարքարանը կը սպասէր նահանգապետարանի պաշտօնական հաստատման:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի կրօնական ժողովի նախագահ Սահակ Մաշալեան, Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի ղեկավար Պետրոս Շիրինօղլու, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպմամբ զբաղուող նախաձեռնարկ յանձնախումբի նախագահ Սարգիս Քիւլեկէչ եւ պատրիարքական նախկին ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթէշեան ներկայ եղած են այս կապակցութեամբ երէկ տեղի ունեցած հանդիպման՝ Պոլսոյ նահանգապետ Վասիպ Շահինի հետ:
Յայտնի է, որ նահանգապետը հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ կը հետեւի գործընթացին եւ կը հետաքրքրուի զարգացող իրադարձութիւններով, վերջինս նաեւ խնդրած է փոխանցել հայ համայնքի անդամներուն, որ ընտրութիւններու կազմակերպման հետ կապուած անհանգստանալու կարիք չկայ: