image

Պաթոն Ռուժի մէջ 4 հայ ընտանիքներ ծանր վնասներ կրած են. Վազգէն Գալթաքճեան

Պաթոն Ռուժի   մէջ    4 հայ ընտանիքներ    ծանր վնասներ կրած  են. Վազգէն  Գալթաքճեան

«Այս  տարի եղած բնական աղէտը   առաջինն էր նահանգի (Լուիզիանա) պատմութեան մէջ»,- «Արեւելք»ին  յայտնեց Վազգէն Գալթաքճեան:  Ան նշեց,  որ «քաղաքին մէջ  կան  8  գետեր, որոնք Միսիսիփի գետին մէջ չեն թափիր եւ անոնք ՝ 3,5 օր տեղատարափ անձրեւներու հետեւանքով միասին յորդեցան և ջուրը խուժեց քաղաք»:  Ըստ մեր խօսակիցին, Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի մայրաքաղաք՝ Պաթոն Ռուժի շրջակայքը գտնուող գիւղաքաղաքները վնասուած են, ի մասնաւորի 2 գիւղաքաղաքներ, որոնց 90    առ 100-ը  մնացած է  ջուրի տակ: Գալթաքճեան նաեւ  նշեց,  որ  կառավարութեան տուեալներուն համաձայն ՝ 45000 տուներ և 20-25000 գործատեղեր ընկղմած են ջուրերուն մէջ:

 

 

 


«Եղածը Աննախադէպ  էր  հակառակ անոր, որ պետական մարմիններ նախատեսած էին գետին յորդիլը, բայց ոչ այսքան ահաւոր: Ոչ ոք պատրաստ էր այս աղէտին: 13 Զոհեր եղան, որովհետեւ շատեր իրենց տուներէն հեռացան, իսկ մնացեալները   փրկուեցան          շտապ օգնութեան  մարմիններու   ճիգերով:  

 «Արեւելք»ի խօսակիցը  նաեւ դիտել տուաւ, որ այդ շրջանին մէջ կ'ապրին  40 հայ ընտանիքներ, որոնցմէ 4 ընտանիքներու տուները ջուրով լեցուեցան, որովհետեւ իրենց տուները աւելի ցած մակերեսի վրայ կը գտնուէին: Այս ընտանիքները՝ իրենց ունեցուածքը ամբողջովին կորսնցուցին ու ապաստանեցան  այլ   հայրենակիցներու  մօտ:

Անոնցմէ էր Խաչիկ Մութաֆեանը, որ 1,5 օր իր տան երկրորդ յարկը պատսպարուելէ ետք զինուորներու   ճիգերով  փրկուած է: Ան ներկայիս   կը բնակի իր  հօրենական  տան մէջ, մինչեւ, որ   իր բնակարանի վերանորոգումը  աւարտի:   

Պաթոն Ռուժի մէջ կան զանազան գոյնի բնակիչներ, ինչպէս նաև  հայեր, որոնց ընդհանուր թիւը մօտաւորապէս կը կազմէ 130 անհատ: Տեղի  Սբ. Կարապետ եկեղեցւոյ ջանքերով նիւթական և բարոյական օժանդակութիւններ տրամադրուած են  տուժած ընտանիքներուն:

 Գալթաքճեան  նաեւ յիշեցուց, որ  Ազգային Առաջնորդարանի միջոցաւ դրամահաւաք պիտի յայտարարուի Արեւելեան թեմի եկեղեցիներուն  մէջ, որպէսզի աղէտեալ այս  ընտանիքները  նախնական   օժանդակութիւններ ստանան, մինչեւ   կառավարութեան կողմէ     կատարուելիք փոխհատուցումները:

«Կառավարութիւնը նոր ձեւերու մասին կը մտածէ խուսափելու՝ նման  պատահարներէ: Ճիշտ է, որ ահաւոր վնասներ կրեցին մեր ընտանիքները, բայց բարեբախտաբար    մարդկային     կորուստներ   չունեցանք: Հայ ժողովուրդի զաւակները միշտ զիրար կ'օգնեն ճգնաժամային պահերուն: Բոլորը միասին ձեռք ձեռքի տուած տուներուն մէջ լեցուած աղբերը մաքրած են արդէն եւ կը սպասեն պատերու չորացման, որպէսզի ընտանիքները տեղափոխուին իրենց տուները», եզրափակեց Վազգէն   Գալթաքճեան:

  Յիշեցնենք, որ անցեալ    13  օգոստոսին Պաթոն Ռուժը   հարուածած  աղէտը   պատճառ  դարձած էր   նիւթական  մեծ վնասներու եւ ըստ  կայանին   քաղաքին  մէջ  եղած վնասները կը գնահատուին    47 միլիոն  ամերիկեան տոլարով: