image

Պահչելի «թրքական ապտակով» սպառնացած է Պարազանիին

Պահչելի «թրքական ապտակով» սպառնացած է Պարազանիին

Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) նախագահ Տեւլէթ Պահչելի ուրբաթօրեայ նամազէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանին մէջ 25 Սեպտեմբերին տեղի ունենալիք անկախութեան հանրաքուէին:

«Պարզանի յամառ դիրքորոշում կը ցուցաբերէ: ԱՄՆ-էն ստացած աջակցութեամբ առաջ կը շարժի: Պարզանի կը ճանչնայ Բրիտանիան, ԱՄՆ-ն, բայց ան չի ճանչնար թուրքերը, օր մը ան նոյնիսկ պիտի չիմանայ, թէ ինչպէս ապտակ պիտի ստանայ մեզմէ»,- ըստ թրքական «Haber.sol» լրատուական կայքին, ըսած է Պահչելի:

Թրքական «Milliyet» պարբերականին համաձայն, Պահչելի իր խօսքին մէջ նշած է, որ անկախութեան հանրաքուէին պէտք է մասնակցի նաեւ Իրաքեան Քիւրտիստանի Քիրքուք շրջանի բնակչութիւնը, ուր մեծ մասամբ թուրքմէններ եւ արաբներ կ'ապրին:

Առաջ քաշելով այն անհիմն պնդումը, թէ Քիրքուք « թրքական տարածք» է, ան մասնաւորապէս աւելցուցած է, որ Քիրքուքի բնակչութիւնը երբեք պիտի չընդունի այդ հանրաքուէն: Իսկ Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի ապահովուի Քէրքուք ապրող թիւրքմէններու եւ արաբներու անվտանգութիւնը: