Թուրքիա- Պոլսոյ Պէլկէ համալսարանը հրապարակած է Օսմանեան բանակի սպաներէն հարիւրապետ՝ Սարգիս Թորոսեանի յուշերը: Գիրք, որ կը կրէ «Պատմութիւն, ինքնակենսագրութիւն եւ իրականութիւն» խորագիրը հրատարակութեան պատրաստուած է Պիւլէնտ Սոմա եւ հատորին մէջ յօդուածներով հանդէս եկած են Այհան Աքթար եւ Թանէր Աքչամ: Թրքատառ «Թարաֆ» պարբերականը ամբողջական էջ մը տրամադրած է գիրքին եւ ներկայացուցած է այն հանգամանքները, որոնց մէջ Օսմանեան բանակին ծառայած է հայազգի սպան: Նշենք, որ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան իրեն ուղղուած Չանաքալէի տօնակատարութիւններուն մասնակցելու հրաւէրին պատասխանող գիրին մէջ յիշատակած էր Սարգիս Թորոսեանը եւ մեղադրած Օսմանեան կայսրութիւնը ըսելով, որ մինչ Թորոսեան կը ծառայէր բանակին եւ կը մասնակցէր Չանաքալէի պատերազմին անդին Օսմանեան կայսրութեան կամակատարները կ'աքսորէին սպային հարազատները նետելով զանոնք մահուան ճանապարհներուն ու աքսորի գեհէնին մէջ: Նշենք, որ լուրը տրուած է Պոլսոյ «Մարմարա»ին կողմէ: