Տիեզերքը մարդկութեան համար միշտ խորհրդաւոր եղած է: Գիտնականները ուսումնասիրութիւններով, արուեստագէտները ստեղծագործութիւններով, ժողովուրդը բանահիւսութեամբ, առասպելներով փորձած են բացատրել անմատչելին: Արդեօք անմատչելի՞ է: Obayashi կայքը անդրադարձած է այս բնաբանին:
Ն.
Տիեզերական վերելակ. մարդկութիւնը կրնայ ճամբայ կառուցել երկրի եւ տիեզերքի միջեւ
Տիեզերական վերելակը ապագայի ամէնէն յաւակնոտ ճարտարագիտական գաղափարներէն մէկն է, որ կրնայ ամբողջութեամբ փոխել տիեզերքի իւրացման եղանակը:
Ի տարբերութիւն հրթիռներու, որոնք կը պահանջեն մեծաքանակ վառելանիւթ եւ զգալի ծանրաբեռնուածութիւն կը ստեղծեն կենսոլորտին ու բնութեան վրայ, տիեզերական վերելակը պիտի դառնայ ուղեծիր` բեռներ եւ մարդիկ հասցնելու աւելի արդիւնաւէտ համակարգ:
Գաղափարը կը կայանայ հսկայական ճոպանի (cable) ստեղծման մէջ, որ կը կապէ Երկիր մոլորակի մակերեւոյթը անջրպետին մէջ գտնուող տիեզերակայանին:
Յատուկ վերելակային սարքերը` այսպես կոչուած «մագլցողները» (climbers) կը շարժին այս ճոպանիով վեր ու վար, հասցնելով բեռներ եւ ուղեւորներ:
Քանի մը տասնամեակ առաջ նման նախագիծ մը կը նկատուէր գրեթէ անկարելի: Հիմնական խնդիրը բացակայութիւնն էր համապատասխան նիւթին, որ կ՛ըլլայ միաժամանակ բաւական թեթեւ եւ շատ ամուր` տասնեակ հազարաւոր քիլոմեթր երկարութեամբ կառոյցին դիմանալու համար:
Իրավիճակը փոխուեցաւ 1991 թուականին, երբ յայտնաբերուեցան ածխածնային խողովակները` փոքր զանգուածի եւ բարձր ամրութեան յատուկ համադրութեամբ նիւթ մը: Անոնք կը նկատուին տիեզերական վերելակի ճոպանի ստեղծման գլխաւոր թեկնածուներէն մէկը:

Ինչպէ՞ս կը գործէ տիեզերական վերելակը
Համակարգի հիմքը պիտի դառնայ երկրային կայանը, որ տեղակայուած է հասարակածէն շուրջ 36 հազար քիլոմեթր բարձրութեան վրայ: Այս ուղեծիրին մէջ արբանեակը կը դառնայ Երկիր մոլորակին հետ նոյն արագութեամբ, ուրեմն մակերեւոյթէն դիտողին համար այդ անշարժ կը թուի: Նման կայանէն ճոպանը կ՛երկարի միաժամանակ ցած` դէպի Երկիր եւ վեր` դէպի տիեզերք: Կառոյցի վերի մասը կ՛ունենայ հակակշռող հատուած մը, որ կ՛օգնէ պահպանել ամբողջ համակարգի հաւասարակշռութիւնը:
Ճոպանիով պիտի շարժին փոխադրամիջոցային յատուկ հարթակներ` «մագլցողներ»: Անոնք կը փոխադրեն մարդիկ եւ բեռներ, առանց իւրաքանչիւր թռիչքի համար հրթիռներ արձակելու անհրաժեշտութեան:
Տիեզերական վերելակի ամէնէն յայտնի նախագիծերէն մէկը մշակած է ճափոնական «Օպայաշի» ընկերութիւնը:
Ըստ հայեցակարգին, կառոյցի ընդհանուր երկայնքը պիտի ըլլայ շուրջ 96 հազար քիլոմեթր:
Քաղաքներ եւ կայաններ տիեզերքի ճամբուն
Նախագիծը կ՛ենթադրէ ամբողջական ենթակառոյցի ստեղծում տիեզերական վերելակին շուրջը: Երկրի մակերեւոյթին կը կառուցուի երկրային նաւահանգիստ (Earth Port)` մեկնումի եւ ժամանումի հիմնական հանգոյցը, որ կազմուած կ՛ըլլայ երկու մասէ` ցամաքային եւ ծովային:
Ցամաքային մասը ըստ էութեան կը դառնայ տիեզերական քաղաք, ուր կը տեղակայուին կառավարման կեդրոններ, հսկայ օդակայան, պանդոկներ, ուսումնասիրական հիմնարկներ եւ տիեզերական ճարտարագիտութեան կապուած ընկերութիւններ:
Ծովային մասը կը կառուցուի ովկիանոսին մէջ` հասարակածին մօտ գտնուող ծփացող հարթակի մը վրայ: Այնտեղ կը տեղակայուին հիմնական սարքերը` «մագլցողներու» ժամանումի եւ մեկնումի դարպասներ, վերանորոգման կեդրոններ, պահեստներ, վարչական շէնքեր:
Հարթակը կլոր է` շուրջ 400 մեթր տրամագիծով: Անոր կայունութիւնը կ՛ապահովէ շաղախէ դատարկ կառոյցը, որ կը ծփայ:
Անհրաժեշտութեան պարագային միաւորը կը կարողանայ տեղաշարժիլ, իսկ ճոպանի պրկումը կը կարգաւորուի ծովու ջուրով գործող խճային (ballast) համակարգի միջոցով:
Տիեզերական կայաններ եւ կեդրոններ Լուսնի եւ Հրատի վրայ
Նախագիծի իւրայատկութիւններէն մէկը տարբեր ձգողականութեամբ միջանկեալ կայաններ ստեղծելու կարելիութիւնն է: Օրինակ` շուրջ 3900 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ կրնայ յայտնուիլ կեդրոն մը, որ ունի Հրատի նման ձգողականութիւն: Կայան մը եւս` 8900 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ, կը նմանակէ լուսնային ձգողականութիւնը:
Շուրջ 23750 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ կը նախատեսուի ստեղծել յատուկ հանգոյց մը` ցած երկրամերձ ուղեծիրի հետ աշխատելու: Այնտեղէն արբանեակները կարելի կ՛ըլլայ ուղարկել երկրէն շուրջ 300 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ գտնուող ուղեծիրեր:
Նախագիծը նոյնպէս կը նախատեսէ արեւային հսկայ ելեկտրակայաններու տեղակայում տիեզերքի մէջ: Անոնք կը գործածեն արեւային ուժանիւթ, զոր կը փոխանցեն երկիր:
Դարպասներ դէպի արեւային համակարգ
Տիեզերական վերելակը կը դառնայ ոչ միայն Երկրին շուրջը փոխադրամիջոցային համակարգ, այլ նաեւ մեկնակէտ դէպի այլ մոլորակներ ճամբորդութիւններու:
Շուրջ 57 հազար քիլոմեթր բարձրութեան վրայ կը յայտնուի «Հրատի դարպասը»` կարմիր մոլորակ տիեզերանաւերու ուղարկման կէտը:
Տիեզերական վերելակի վերին հակակշիռը նոյնպէս կը գործածուի որպէս խարիսխ` դէպի Երեւակ սարքեր ուղարկելու համար:
Երկրի ինքնիր վրայ դառնալու արագութեան շնորհիւ նման բարձրութիւններէ մեկնարկող տիեզերանաւերը շատ աւելի դիւրաւ կը լքեն երկրային ձգողական դաշտը:
Ինչպէ՞ս պիտի կառուցուի տիեզերական վերելակը
Նման հսկայական կառոյցի շինարարութիւնը կը սկսի հրթիռներու օգնութեամբ անհրաժեշտ նիւթերը ցած երկրամերձ ուղեծիր հասցնելով։
Այնուհետեւ ելեկտրական շարժիչով շինարարական սարքը աստիճանաբար կը բարձրանայ դէպի ուղեծիր: Արձակումէն շուրջ ութ ամիս ետք ճոպանը կը հասնի երկրի մակերեւոյթին, իսկ 96 հազար քիլոմեթր բարձրութեան վրայ գտնուող սարքը կը դառնայ հակակշիռ:
Ապա կը սկսի կառոյցի ամրապնդումը եւ մարդոց փոխադրութիւնը:

Իւրաքանչիւր փոխադրամիջոցային սարք կը նախատեսուի շուրջ 100 թոն զանգուածով: Անոր օգնութեամբ կը կազմուի հիմնական կայանը, ապա` ենթակառոյցի մնացեալ տարրերը:
Քաղաք տիեզերքին մէջ
Տիեզերական վերելակի հիմնական կայանը պիտի դառնայ իսկական տիեզերական բնակավայր:
Այդ կը գործածուի գիտական ուսումնասիրութիւններու, արեւային ուժանիւթ ստանալու եւ նոյնիսկ տիեզերական զբօսաշրջութեան համար:

Ե՞րբ կը յայտնուի տիեզերական վերելակը
Հակառակ նախագիծի հսկայական ներուժին, մինչեւ անոր իրականացումը դեռ պէտք է լուծուին բազմաթիւ խնդիրներ: Գլխաւորներն են` ածխածնային խողովակներէն շատ ամուր ճոպանի ստեղծումը, նոյնպէս ամուր «մագլցողներու» մշակումը եւ ամբողջ համակարգի անվտանգութեան ապահովումը:
Եթէ այս արհեստագիտութիւնները յաջող մշակուին, շինարարութիւնը կրնայ տեւել շուրջ 25 տարի:
Ըստ հայեցակարգը մշակողներուն, կայանի առաջին ամբողջական, կանոնաւոր շահագործումը կրնայ սկսիլ մօտաւորապէս 2050 թուականին:
Տիեզերական վերելակը տակաւին կը մնայ ապագայի նախագիծ, սակայն անոր յայտնուիլը կրնայ դառնալ մարդկութեան պատմութեան ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը` անցում տիեզերական առանձին թռիչքներու ժամանակաշրջանէն դէպի երկրէն դուրս մարդոց մնայուն ներկայութիւն:
Միլիոննոց Քաղաք Հրատի Վրայ. Մարդկութեան
Առաջին Մնայուն Բնակավայրի Տեսլականը

Մարդկութեան հետաքրքրութիւնը Հրատի նկատմամբ արագօրէն կ՛աճի: Եթէ միայն քանի մը տարի առաջ կարմիր մոլորակը կ՛ընկալուէր բացառապէս որպէս գիտական հետազօտութիւններու առարկայ, միաւոր, այսօր աւելի ու աւելի յաճախ կը քննարկուին անոր ապագայ իւրացման եւ նոյնիսկ մնայուն բնակավայրերու ստեղծման ծրագիրները:
Ամէնէն յաւակնոտ նախագիծերէն մէկը դարձած է NՖwa քաղաքի հայեցակարգը, որ նախատեսուած է մինչեւ մէկ միլիոն մարդու բնակութեան համար: Նման գաղափարներու զարգացման թափ հաղորդեցին զուգահեռաբար տիեզերական քանի մը առաքելութիւններ, որոնք Հրատ հասան 2021 թուականին: Անոնց կարգին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Ամալ» առաքելութիւնը, չինական «Թիանուէն 1»-ը եւ ամերիկեան «Փըրսըվիրընս» անջրպետանաւը:
Մասնագէտները յատուկ նշանակութիւն կու տան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ծրագիրին, որովհետեւ անիկա մինչեւ 2117 թուական Հրատի վրայ միջազգային բնակավայր ստեղծելու ռազմավարութեան մաս կը կազմէ:

«Մարս սոսայիթի» միջազգային կազմակերպութիւնը յայտարարեց Հրատի վրայ քաղաք-պետութեան մշակման մրցոյթ: Ի տարբերութիւն գիտական հիմքերու աւանդական նախագիծերու, մասնակիցներուն առաջարկուեցաւ ստեղծել մնայուն բնակավայրի հայեցակարգ, որ ունակ կ՛ըլլայ առանձին ապահովել մէկ միլիոն բնակիչի կեանքը:
Ամէնէն աւելի քննարկուող նախագիծերէն մէկը դարձաւ NՖwa-ն, որ մշակած է «Սասթեյնըպըլ աֆուըրտ նեթուըրք» (SONet) միջազգային խումբը` «Ապիպու սթիւտիօ» ճարտարապետական գրասենեակի հետ:
Նախագիծի հիմնական իւրայատկութիւնը այն է, որ քաղաքը կ՛առաջարկուի կառուցել ոչ թէ մակերեւոյթի վրայ գմբէթներու տակ, այլ ուղղահայեաց ժայռէն ներս: Բնակելի եւ աշխատանքային տարածքները պիտի տեղակայուին մինչեւ 150 մեթր խորութեամբ փապուղիներու համակարգին մէջ:
Նման լուծում մը բնական միջոցով կը պաշտպանէ բնակիչները տիեզերական ճառագայթումէն, ջերմաստիճանի ծայրայեղ տատանումներէն եւ Հրատի մթնոլորտի ու քաղաքի ներքին տարածութեան միջեւ ճնշման տարբերութենէն:
Մշակողները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են ոչ միայն անվտանգութեան հարցերուն, այլ նաեւ ապագայ բնակիչներու հոգեբանական յարմարաւէտութեան: Համալիրէն ներս նախատեսուած են բուսականութեամբ, պարտէզներով, փոքր ջրաւազաններով եւ հանրային տարածքներով կանաչ խոշոր գմբէթներ: Նման գօտիները հաճելի կը դարձնեն գետնի տակ ապրիլը եւ կը ստեղծեն սովորական քաղաքային միջավայրի զգացողութիւն:

Նախագիծին հեղինակները կը պատկերացնեն, որ ապագայ քաղաքը առաւելագոյնս անկախ պիտի ըլլայ երկրէն: Հրատի վրայ կը նախատեսուի արտադրել սննդամթերք, շինանիւթեր, հագուստ, կառոյց, փոխադրամիջոց եւ կեանքի համար գրեթէ ամէն անհրաժեշտ բան:
Ուժանիւթի աղբիւր կը դառնան արեւային ելեկտրակայանները եւ հիւլէական ուժանիւթը: Մակերեւոյթի վրայ կը տեղակայուին երկրագործական համալիրներ, ուր կ’աճեցուին բոյսեր: Բնակիչներու սննդակարգի մէջ կը մտնեն նաեւ արհեստական աճեցուած միսը եւ միջատները:
Նկատի առնուած է, որ 200 հազար բնակչութիւն ունեցող քաղաքի կենսագործունէութիւնը ապահովելու համար կը պահանջուի շուրջ 187 միլիոն խորանարդ մեթր օդ: Այդ պատճառով ժայռի ներսի շինարարութիւնը կը դիտարկուի որպէս մթնոլորտը պահպանելու եւ պաշտպանիչ կառոյցներու ստեղծման ծախսերը նուազեցնելու ամէնէն արդիւնաւէտ եղանակ:
Ըստ նախագիծի` Nüwa-ն կը դառնայ մայրաքաղաքը Հրատի հինգ քաղաքներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛ընդունի 200-էն մինչեւ 250 հազար բնակիչ: Անոնց միջեւ կ՛աշխատի մարդատար արագընթաց երկաթուղային հաղորդակցութիւն:
Շինարարութիւնը կը նախատեսուի իրականացնել փուլ առ փուլ: Առաջին տասը տարիներուն սարքերը եւ կառոյցը կը մատակարարուին երկրէն: Առաջին տասնամեակի աւարտին քաղաքին մէջ կը բնակի շուրջ 10 հազար հոգի:
Նախագիծը ստեղծողները հաւատացած են, որ անհրաժեշտ տնտեսման եւ քաղաքական կամքի գոյութեան պարագային, Nüwa-ի շինարարութիւնը կրնայ սկսիլ 2050-ականներուն եւ 3000 թուականին քաղաքը կը դառնայ գործող բնակավայր: Առայժմ Nüwa-ն գոյութիւն ունի միայն ճարտարապետական հայեցակարգի տեսքով: Բայց նախագիծին հեղինակները արդէն կ՛առաջարկեն այդ գործածել ոչ միայն որպէս Հրատի ապագայ բնակեցման օրինակ, այլ նաեւ որպէս հարթակ` շինարարութեան, բնապահպանման, ուժանիւթային, կենսաբանութեան եւ ծայրայեղ պայմաններու մէջ մարդու կեանքի կազմակերպման ոլորտներու մէջ նոր արհեստագիտութեան մշակման համար:
Նարէ Գալեմքէրեան
«Ազդակ»