image

Մենք փոխած ենք Մերձաւոր Արեւելքի դիմագիծը․ Նաթանիահու

Մենք փոխած ենք Մերձաւոր Արեւելքի դիմագիծը․ Նաթանիահու

 

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ դեռ 2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-ին պատկերացուցած էր, որ Իսրայէլը պիտի փոխէ Մերձաւոր Արեւելքի դիմագիծը։

«Ո՞վ կրնար Հոկտեմբեր 7-ին պատկերացնել, որ մենք պիտի փոխենք Մերձաւոր Արեւելքի դիմագիծը։ Ես կրնայի»,– ըսած է Նաթանիահուն։

Անոր խօսքով՝ իր նպատակներէն մէկը ի վերջոյ Իրանի հետ առճակատման հասնիլն էր։

«Իմ նպատակս այն էր, որ ի վերջոյ մենք առերեսուինք Իրանի հետ»,– նշած է Իսրայէլի վարչապետը։

Նաթանիահուն նաեւ յայտարարած է, որ Իրանի կողմէ Իսրայէլի վրայ յարձակման պարագային Թեհրան ծանր հարուած պիտի ստանայ։

«Եթէ Իրանը յարձակի մեր վրայ, այնպիսի հարուած պիտի ստանայ, որուն մանրամասնութիւններուն մէջ չեմ ուզեր մտնել»,– ըսած է ան։