image

ՄԱԿ-ը կառավարութիւններուն կոչ կ՚ընէ պաշտպանելու լրագրողները․ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ

ՄԱԿ-ը կառավարութիւններուն կոչ կ՚ընէ պաշտպանելու լրագրողները․ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ

 

ՄԱԿ-ի տեղեկատուական բարեխղճութեան համաշխարհային սկզբունքները կառավարութիւններէն կը պահանջեն պաշտպանել լրագրողները եւ վերջ տալ անոնց դէմ գործուած յանցագործութիւններու անպատժելիութեան, յայտարարած է Համաշխարհային հաղորդակցութիւններու հարցերով ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Մելիսա Ֆլեմինկը։

«ՄԱԿ-ի տեղեկատուական բարեխղճութեան համաշխարհային սկզբունքները բոլոր կառավարութիւններուն կոչ կ՚ընեն վերահաստատելու մամուլի ազատութեան նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը, պաշտպանելու լրագրողները եւ վերջ տալու անոնց դէմ գործուած յանցագործութիւններու անպատժելիութեան, յարգելու կարծիքի եւ արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքը, վերջ տալու խմբագրական անկախութիւնը սահմանափակող գործելակերպերուն»,– ըսած է Ֆլեմինկը։

Ան ընդգծած է, որ էական փոփոխութիւնները հնարաւոր են միայն լաւ տեղեկացուած եւ ներգրաւուած հասարակութեան առկայութեան պարագային։

«Ահա թէ ինչու մենք կ՚ուզենք տեսնել այն խնդիրներու բովանդակալից եւ քննադատական լուսաբանումը, որոնց կը բախինք, ճշգրիտ եւ մանրամասն հաղորդումներ, որոնք կը բացատրեն ամենաբարդ մարտահրաւէրները, ոգեշնչող քննարկումներ անոնց հետ, որոնք կ՚աշխատին լուծումներու ուղղութեամբ, հարցազրոյցներ, որոնք կրնան ցոյց տալ ճիշդ գործեր իրականացնող վայրերն ու մարդիկը»,– նշած է Ֆլեմինկը։

Անոր խօսքով՝ լրատուամիջոցներուն մէջ նման լուսաբանումը կենսականօրէն կարեւոր հանրային ծառայութիւն է, որ կը վերականգնէ վստահութիւնը եւ կ՚օգնէ յաղթահարելու յառաջընթացի ճամբուն վրայ առկայ խոչընդոտները։