Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը շնորհաւորած է Կլատիս Պերեճիքլեանը Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի վարչապետ ընտրուելու կապակցությամբ:
«Սա պատմական օր է Աւստրալիոյ հայկական համայնքի եւ ողջ հայկական սփիւռքի համար, քանի որ տիկին Պերեճիքլեանը կը շարունակէ ըլլալ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ գործող ամենահզօր կիներէն մէկը»,- «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ նշած է Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Հայկ Քայսէրեանը:
Ան ընդգծած է, որ Պերեճիքլեանը պիտի ղեկավարէ G20-ի անդամ երկիրներու ամենամեծ նահանգը:
Հայ դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը նաեւ շնորհաւորած է ընտրութիւններուն յաղթանակ տարած այն գործիչները, որոնք կը համարուին հայ համայնքի բարեկամը: