Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»էն վերահասու կը դառնանք, թէ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի վերջին Այգուցի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ յետմիջօրէին Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Աղբիւրը կը նշէ, թէ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան հանդիսապետած է վերջին Այգուցին՝ իր կողքին ունենալով Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանն ու Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեանը։ Վերջին Այգուցով հոգելոյս Պատրիարք Հօր շիրիմը ամբողջութեամբ ծածկուած է հողով։ Համայնքային շրջանակներէն մեծ թիւով ներկաներ համախմբուած էին շիրմին շուրջ։
Շիշլիի գերեզմանատան վերջին Այգուցէն վերջ նորոգ վախճանեալ Մեսրոպ Պատրիարքի կիրակնամուտը տեղի ունեցած է Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Բոլոր ներկաները անգամ մը եւս աղօթած են նորոգ վախճանեալ Պատրիարք Հօր հոգւոյ խաղաղութեան համար։ Արամ Սրբազանի կողքին արարողութեան ներկայ եղած է Կրօնական ժողովի ատենապետ՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, վեղարաւոր հայրեր եւ մեր քահանայից դասէն անդամներ։
Կիրակնամուտի առթիւ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ լուսահոգի Պատրիարք Հօր ի յիշատակ սարքուած է հոգեճաշ մը։