ԱՄՆ-ը սկսած է Իրաքի դէմ պատժամիջոցներու պատրաստումը՝ երկրէն օտարերկրեայ ուժերու դուրսբերման վերաբերեալ խորհրդարանի որոշումէն ետք։ Այս մասին կը յայտնէ The Washington Post-ը՝ յղում ընելով Թրամբի վարչակազմի աղբիւրներուն։
Պարբերականի զրուցակիցները յայտարարած են, որ եթէ պատժամիջոցներ սահմանուին, ապա անոնք պիտի ըլլան հիմնական տնտեսութեան նախարարութեան եւ Սպիտակ տան կողմէ, միեւնոյն ժամանակ աղբիւրներն ընդգծած են, որ պատժամիջոցներու սահմանման մասին որոշումը վերջնական չէ։
Յիշեցնենք, որ Իրաքի խորհրդարանը օրերս կողմ քուէարկած է օտարերկրեայ ուժերու ռազմական ներկայութեան դադարեցման: Աւելի վաղ երկրի վարչապետի պարտականութիւններն իրականացնող Ապտըլ Մահտին խորհրդարանին կոչ ըրած է վերանայելու բոլոր համաձայնութիւնները, որոնք կը կարգաւորեն երկրի մէջ օտարերկրեայ ուժերու ներկայութիւնը: Մահտին նաեւ յայտարարած էր, որ խորհրդարանի քննարկմանն ներկայացուցած է երկրէն օտարերկրեայ ուժերու դուրսբերման ժամանակացոյցը:
Ներկայացուցիչներու խորհուրդի արտահերթ նիստին ընդունուած բանաձեւին մէջ պատգամաւորները «Կառավարութեան պարտադրած են վերջ դնել երկրին մէջ օտար ուժերու ռազմական ներկայութեան եւ Միջազգային հակաահաբեկչական դաշնակից ուժերու հետ կնքուած համաձայնագրի շրջանագիծէն ներս աշխատանքը դադրեցնել»:
Նշենք, որ ներկայիս Իրաք կը գտնուին 5 000 ամերիկացի զինուորականներ, որոնց մեծ մասը խորհրդականներ են: