«Եարմուք» գաղթակայանի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու եւ սուրիական կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՍԱՆԱ» սուրիական տեղեկատուական գործակալութիւնը:
Գործակալութիւնը կը նշէ, որ համաձայնագիրը կը նախատեսէ «Եարմուք» գաղթակայանէն ահաբեկիչներու դուրս գալը՝ դէպի իտլիպ եւ Քաֆարիայի եւ Ալ-Ֆուա քաղաքներւ մէջ գտնուողներու ազատագրումը, որոնց թիւը կը հասնի շուրջ հինգ հազարի:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ ազատագրման գործընլացը պիտի իրականցուի երկու փուլով, առաջին փուլը պիտի ըլլայ շրջափակուած Քաֆարիայի եւ Ալ-Ֆուայի բնակչութենէն 1500 մարդու ազատագրումը:
Կը նախատեսուի, որ համաձայնագրի իրականացումը սկիզբ առնէ երկուշբաթի օր եւ նշուած բոլոր կէտերու գործադրումը պէտք է աւարտի մինչեւ Ռամատանի սկիզբը: