Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ժամանած է Իրան:
Ներկայ եղած են նաեւ Իրանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան եւ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ Սուրիկ Աբնուսեան:
Արարողութեան աւարտէն ետք՝ ՀՀ վարչապետն ու անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը ուղեւորուած են «Սաատպատ» մշակութային համալիր, ուր քիչ անց Նախագահ Ռոհանիի մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ անոր դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը:
Դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք պիտի մեկնարկեն Իրանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու բանակցութիւնները: