Պոլսոյ միաբանութեան անդամներէ տ. Զագէոս ծ.վրդ. Օհանեան պատասխանեց «Արեւելք»ի հարցումներուն։
Հայր Սուրբ քաջատեղեակ ենք, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլայման Սոյլու վերջերս պատրիարքարան այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ Պատրիարքութեան կրօնական ժողովի անդամներուն հետ։ Ի՞նչ կրնաք ըսել հանդիպման մասին։
Ներքին գործոց նախարարը եւ Իսթանպուլի կուսակալը պատրիարքարան այցելեցին եւ կրօնական ժողովի անդամներուն հետ, մօտաւորապէս 40-45 վայրկեաննոց հանդիպում մը ունեցան: Ապա մեզի պաշտօնապէս ըսուեցաւ, որ եկեղեցական համագումար պէտք է հաւաքուի եւ նոր տեղապահ ընտրուի, ճիշդ այնպէս, ինչպէս եղաւ Մարտ 2017-ին, երբ Պէքճեան Սրբազանը ընտրուեցաւ:
Յիշեցնեմ, որ նախքան այս այցելութիւնը Պատրիարքարանին մէջ կրօնական ժողովի անդամներս դռնփակ նիստ մը գումարեցինք։ Այդ ժողովին ընթացքին երկու առաջարկ կար, Արամ սրբազանը կ'ըսէր, որ փոխանորդութեամբ շարունակուի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը, իսկ Սահակ սրբազանը կ'առաջարկէր, որ նոր տեղապահ մը ընտրուի եւ այդպէս շարունակուի։ Հարցը ուրեմն քուէարկութեան դրուեցաւ եւ հինգի դէմ՝ երեք, իսկ հատ մըն ալ ձեռնպահ, որոշուեցաւ, որ գործընթացը փոխանորոդութեամբ շարունակուի: Ժողովին յաջորդող օրերուն մեր զոյգ սրբազանները, դիմումնագիր նամակով մը կուսակալութիւն դիմեցին, որպէսզի ընթացք առնէ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը:
-Դրական կը համարէ՞ք այս քայլը:
Կրօնական ժողովը փոխանորդի առաջնորդութեամբ ընտրութեան գործընլացը շարունակելիւ որոշում տուած էր, որպէսզի այլեւս թէ՛ եկեղեցականաց մէջ, թէ՛ համայնքին մէջ նոր պառակտումներու, նոր իրարանցումներու տեղի չտրուի, որովհետեւ մեր գխաւոր նպատակը տեղապահի ընտրութիւնը չէ, այլ 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնն է։ Տրամաբանութիւնը այդ էր կրօնական ժողովին անդամոց, հետեւաբար դրականի, ժխտականի խնդիր չեմ տեսներ ասոր մէջ: Այո, աւանդաբար տեղապահի ընտրութիւն կը պահանջուէր, համայնքին պահանջքն ալ այդ էր, ձեւով մը համայնքին պահանջքը, կրնամ ըսել, բաւարարուեւցաւ:
-Իսկ թեկնածուները յայտնի՞ են, այսինքն Արամ եւ Սահակ սրբազաննե՞րն են տեղապահութեան գլխաւոր թեկանծուները:
Մեծ հաւանականութեամբ այո՛, երկու սրբազաններն են, որ իրենց թեկնածութիւնը պիտի դնեն տեղապահի ընտրութեան համար։
- Ըստ երեւոյթին, Սահակ սրբազանը ուզեց խաղաղութեամբ անցնիլ այս փուլը, որպէսզի մեծ նպատակին երթայ համայնքը՝ պատրիարքի ընտրութեան: Իսկ կրօնաւորներուն, կրօնական ժողովի անդմաներուն տեսակէտը ի՞նչ է:
Մեր մէջ սա պահուս որեւէ մէկ պառակտում կամ հակառակութեան մթնոլորտ չկայ: Ամենակարեւորը, կը կարծեմ, որ այն է, որ զոյգ սրբազանները գրեթէ նոյն լեզուն կը գործածեն, այսինքն, ոչ միայն Սահակ սրբազանը, նաեւ Արամ սրբազանը կ'ըսեն, որ մենք արդէն բաւկանին չափ մաշած ենք եւ վիրաւորուած, հետեւաբար, այնպէս մը պէտք է ընենք, որ կարելի եղածին չափ խաղաղութեան մթնոլորտի մէջ, առանց աւելորդ խօսակցութիւններու, պառակտումներու, հակառակութիւններու ընթացք առնէ ընտրութեան գործընցթացը: Բայց այդ մէկը կ'իրականանայ թէ՝ ոչ, ժամանակը ցոյց պիտի տայ:
Բայց ես, նշմարեցի պատրիարքարանին մէջ, երբ որ մեր հիւրերը՝ պետութեան ներկայացուցիչները գացին, բոլորս միասին, երկու սրբազաններով նստեցանք , միտքերու փոխանակումներ ունեցանք եւ միասնաբար այդ պաշտօնական հանդիպման մասին հաղորդագրութիւն պատրաստեցինք: Այնպէս որ, սա պահուս, կը կարծեմ որ ամէն ինչ բնականոն կ'ընթանայ: Ի հարկէ անակնկալ մըն էր այս այցելութիւնը, մենք կառավարութենէն գրաւոր պատասխան մը կը սպասէինք, սակայն իրենք ուղղակի փութացին պատրիարքարան, եւ պէտք է ըսեմ, որ շատ լաւ անցաւ հանդիպումը, անոնց լեզուն յաւուր պատշաճի էր, որեւէ մէկս ճնշուած չզգացինք, մանաւանդ, որ անդրադարձ եղաւ նաեւ անցեալ փուլերուն եւ անոնք ըսին, որ այդտեղ կառավարութիւնն ալ որոշ չափով վիրաւորուեցաւ, եկեղեցին ալ, պատրիարքարանն ալ, համայնքն ալ, եւ ընդգծեցին, որ այս շրջանը նոր շրջան մըն է, նոր պայմաններ խնդրոյ առարկայ են եւ մենք երկար քննարկումներէ ետք, անցեալի փորձառութիւններն ալ նկատի ունենալով, ամենաւանդական եւ ամենտրամաբանական լաւագոյն տարբերակ որպէս, այդ մէկը մտածեցինք: Այդ ալ ըսեմ, որ ներքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց մեզի Պատրիարքարանի հոգեւորականաց եւ կրօնական ժողովին, անցեալ շրջանին պատահած խնդիրներուն հանդէպ մեր բանիմաց կեցուածքին համար։
-Արդեօք Արամ սրբազանի ընդդիմադիր շրջանակները՝ «Ակօս»ի շրջանակ, «Մտքի հարթակ» եւայլն այս կարգադրութիւնը պիտի քննադատե՞ն, պետութեան այս մօտեցումը կամ առիթ չունին այդ մէկը ընելու:
Կրնամ ըսել, որ ոչ ոք կրնայ արգելափակել մարդկանց արտայայտուելու իրաւունքը, վերջապէս մամուլի ազատութիւն, մարդկային մտքի արտայայտութեան ազատութիւն կայ այս երկիրն մէջ, ամէն մարդ իր կարծիքը կը ներկայացնէ, իսկ թէ այդ կարծիքը ինչքանով տրամաբանական է կամ չէ, թշնամական է, թէ բարեկամական է, անիկա այլ խնդիր է, հետեւաբար, ամէն ինչ կրնայ ըլլալ: Բայց ես կը կարծեմ, որ այս այցը պատմական իրականութիւն մըն էր, նմանը չեմ կարծեր որ ասկէ առաջ պատահած ըլլայ, աս պատահածին մէջ ես որեւէ մէկ հակառակութիւն, եկեղեցական գործերուն պետական միջամտութիւն չեմ տեսներ: Շատ լաւ ժողով մըն էր ասիկա, զգալի էր, որ պետական պաշտօնեաները լաւ ուսումնասիրած էին խնդրին թէ՛ պատմական երեսակը, թէ՛ աւանդական, բոլոր տեսանկիւններէն եւ այդպէս եկած էին. Եւ արդէն ժողովուրդին մէջ տեղապահի ընտրութեան փափաքը կար, հետեւաբար, պետութեան այս քայլը կը կարծեմ, թէ ոչ թէ դժգոհութեան այլ գոհունակութեան պատճառ պիտի դառնայ: