ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ համաձայնած է մասնակցիլ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ մայիսի վերջը: Այս մասին կը յայտնէ Սպիտակ Տունը, նշելով, որ Թրամբ հեռախօսային զրոյց ունեցած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթընպըրկի հետ, որ Թրամբին ըսած է, թէ «ՆԱԹՕ-ն Միացեալ Նահանգներուն կը համարէ կառոյցի հզօր աջակից»:
Աղբիւրը կը նշաէ նաեւ, որ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը պիտի կայանայ Պրիւսէլի մէջ:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Թրամբ ՆԱԹՕ-ն անուանած էր կարեւոր, բայց «հինցած» կառոյց: