image

ՆԱԹՕ-ն Միացեալ Նահանգներուն կը համարէ կառոյցի հզօր աջակից». ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար

ՆԱԹՕ-ն Միացեալ Նահանգներուն կը համարէ կառոյցի հզօր աջակից». ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ համաձայնած է մասնակցիլ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպման, որ տեղի պիտի ունենայ մայիսի վերջը: Այս մասին կը յայտնէ Սպիտակ Տունը, նշելով, որ Թրամբ հեռախօսային զրոյց ունեցած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթընպըրկի հետ, որ Թրամբին ըսած է, թէ «ՆԱԹՕ-ն Միացեալ Նահանգներուն կը համարէ կառոյցի հզօր աջակից»:

Աղբիւրը կը նշաէ նաեւ, որ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը պիտի կայանայ Պրիւսէլի մէջ:

Յիշեցնենք, որ նախապէս Թրամբ ՆԱԹՕ-ն անուանած էր կարեւոր, բայց «հինցած» կառոյց: