image

Նասրալլա «եկուոր» հրեաներուն. «Հեռացէ՛ք գրաւեալ Պաղեստինէն»

Նասրալլա «եկուոր» հրեաներուն. «Հեռացէ՛ք գրաւեալ Պաղեստինէն»

Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա խորհուրդ տուած է հրեաներուն հեռանալ Պաղեստինէն: Այս  մասին Նասրալլա յայտարարած է,  երէկ՝ շիիթներու Աշուրա  սգատօնին առթիւ տեղի ունեցած կեդրոնական  հաւաքին ընթացքին:  Լիբանանցի ղեկավարը նաեւ   ըսած է, որ «Պաղեստին գտնուող   հրեաները  պէտք է  ետ դառնան այն երկիրները, ուրկէ    եկած են, որպէսզի իրենց անխելք կառավարութեան կողմէ սկսած պատերազմին վառելանիւթ չդառնան»:  Ան  իր խօսքը հրեաներուն ուղղելով ըսած է.«Սիոնիզմը  շահագործեց հրեաներն ու յուդայականութիւնը, որպէսզի Պաղեստինի եւ տարածաշրջանին մէջ կեղեքումի (բռնագրաւման) ծրագիր իրականացնէն, ծառայելով անգլիացիներուն եւ ամերիկեան քաղաքականութեան»:

 

Ան ընդգծած է, որ «Նաթանիահոյի կառավարութիւնը  ձեր ժողովուրդը դէպի կործանում կը տանի: Դուք պիտի վճարէք գինը՝ Նաթանիահոյի անմիտ քաղաքականութեան, որ կը փորձէ տարածաշրջանը  նոր պատերազմի մը  մէջ ներքաշել»:

 

Սէյիտ Նասրալլա նշած է նաեւ, որ Նաթանիահուն  եւ անոր կառավարութիւնը չեն գիտեր, եթէ պատերազմ սկսին, ինչպիսի աւարտ պիտի ունենայ այդ  պատերազմը  նշելով, որ  «անոր համար մի թողէք, որ ձեր անմիտ կառավարութիւնը ձեզ արկածախնդրութեան տանի»,- եզրակացուցած է   շիիթ առաջնորդը: