image
Հրատապ լուրեր:

Նալպանտեան կը հերքէ փուլային դրութեամբ ղարաբաղեան տագնապի լուծման մասին լուրերը

Նալպանտեան կը հերքէ փուլային դրութեամբ ղարաբաղեան տագնապի լուծման մասին լուրերը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ արձագանգելով Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալին՝ փեթեսպուրկեան հանդիպման վերաբերեալ մեկնաբանութիւններուն, ըսած է, որ Նովրուզ Մամետովը երբեք չէ մասնակցած որեւէ բանակցութիւններու, իսկ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթաժողովը բացառութիւն չէր։

Նախարար Նալպանտեանի համաձայն՝ Մամետովը ներկայ եղած է միայն աշխատանքային ճաշին, որուն ընթացքին քննարկուած է բացառապէս միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծումը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի թիւին յաւելման հարցը:

«Ինչ վերաբերում է ղարաբաղեան հիմնախնդրի փաթեթային կարգաւորմանը, ապա առաջին հերթին դրա հիմքում, ինչպէս բազմիցս յայտարարուել է, պէտք է ընկած լինի Ազրպէյճանի կողմից Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ դրա իրացման ճանաչումը: Ս. Փեթերսպուրկի գագաթաժողովին հիմնահարցի հանգուցալուծմանը վերաբերող որեւէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք չի բերուել», վստահեցուցած է Նալպանտեան:

Ան շեշտած է, որ այս փուլին Ազրպէյճան պէտք է անվերապահօրէն կատարէ Վիեննայի եւ Սանթ Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած եւ վերահաստատուած պայմանաւորուածութիւնները՝ նախ եւ առաջ բացառապէս խաղաղ ուղիով տագնապի լուծում, 1994-1995 թուականներու զինադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագիրներու յարգում, միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծում, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի խումբի կարողութիւններու ընդլայնում:

«Այս ամէնը թոյլ կը տայ համապատասխան պայմաններ ստեղծել՝ հիմնախնդրի կարգաւորմանն ուղղուած բանակցութիւնները վերսկսելու համար»,- յայտարարած է նախարար Նալպանտեան։