Արձագանգելով ընկերային ցանցերու հայկական տիրոյթին եւ մամուլի մէջ տարածուած տեղեկատուութեան, ըստ որու «Ատրպէյճիներու կողմէ արցախցիներուն հեռախօսազանգեր կ'ուղղուին, որով վերջիններիս կ'առաջարկեն վաճառել իրենց բնակարանները», Արցախի ԱԱԾ-ն կ'իրազեկէ, որ այդ լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան։
«Յորդորում ենք զերծ մնալ բնակչութեան անվտանգութեանը վերաբերող թեմաներով ապատեղեկատուութիւն տարածելուց։
Կոչ ենք անում նման բնոյթի զանգեր ստանալու դէպքում անյապաղ դիմել ԱՀ ԱԱԾ»,- ըսուած է ԱՀ ԱԱԾ տարածած հաղորդագրութեան մէջ։