Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն, որ երէկ Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, աւելի ուշ մերժած է լրագրողներու հարցերուն պատասխանել՝ կապուած երկրին մէջ նոր կառավարութեան կազմութեան հարցին:
Իր կարգին «Ալ-Ժումհուրիա» պարբերականը նշած է, որ Աուն-Մաքրոոն ժողովին գլխաւոր օրակարգը յատկացուած եղած է նոր կառավարութեան կազմութեան եւ նախագահ Մաքրոն առնուազն երեք անգամ շեշտած է, թէ Լիբանան պէտք է արագօրէն իր նոր կառավարութիւնը կազմէ:
Մաքրոն նաեւ ըսած է, որ Ֆրանսան՝ էր եւ պիտի շարունակէ մնալ Լիբանանի կողքին, եւ յայտարարած է, որ յառաջիկային ալ ֆրանսա պատրաստ է ամէն կերպ օժանդակել եւ նեցուկ կանգնիլ այդ երկրին:
«Ալ-ժումհուրիա» նաեւ կը նշէ, որ Մաքրոն նախընտրած է, որ նախագահ Աունի հետ իրենց հանդիպման ընթացքին ներկայ ըլլայ նաեւ Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը: