image

«Նախագահի Ընտրութեան Հարցը Ամէնէն Առաջ Մարոնիթ Համայնքի Պարտաւորութիւնն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Նախագահի Ընտրութեան Հարցը  Ամէնէն Առաջ Մարոնիթ Համայնքի Պարտաւորութիւնն Է» Շեշտեց Արամ  Ա. Կաթողիկոս

«Լիբանանի նախագահի ընտրութեան հարցը ամէնէն առաջ  Մարոնի համայնքի  պարտաւորութիւնն է» շեշտեց Արամ Ա.  Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի   Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ  իր տուած Սուրբ  Ծննդեան  պատգամի ատեն: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Վեհափառ  հայրապետ  նաեւ   ըսաւ, որ  ընդունելի չէ, որ Լիբանան այսքան ժամանակ  մնայ առանց նախագահի:   Վեհափառ  հայրապետը նաեւ կարեւորեց   հայ առաքելական համայնքին ընդհանուր դերը նկատել տալով, որ «Մենք հայերս այս երկրի   7-րդ կարեւորագոյն  համայնքն ենք եւ այդ առումով ունինք եւ պարտաւորութիւններ եւ  իրաւունքներ»: Նշենք նաեւ, որ   որ  Սուրբ Ծննդեան պատգամին մէջ   Արամ Վեհափառ  շեշտեց   այն չորս կարեւոր կէտերը, որոնք պէտք է   մնան մեր ժողովուրդին համար  առաջնահերթութիւն  եւ  հաւաքական կամքով  յաղթահարուելիք էական  խնդիրներ:   Այդ կէտերը կը վերաբերին  Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, Հայաստանի  եւ Արցախի անկախութեան             ամրապնդման,  Հայաստան եւ Սփիւռք          միացեալ ճիգերու  կեդրոնացման եւ վերջապէս Սուրիոյ հայկական գաղութի   վերականգնման   աշխատանքներուն: