«Լիբանանի նախագահի ընտրութեան հարցը ամէնէն առաջ Մարոնի համայնքի պարտաւորութիւնն է» շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ իր տուած Սուրբ Ծննդեան պատգամի ատեն: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետ նաեւ ըսաւ, որ ընդունելի չէ, որ Լիբանան այսքան ժամանակ մնայ առանց նախագահի: Վեհափառ հայրապետը նաեւ կարեւորեց հայ առաքելական համայնքին ընդհանուր դերը նկատել տալով, որ «Մենք հայերս այս երկրի 7-րդ կարեւորագոյն համայնքն ենք եւ այդ առումով ունինք եւ պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ»: Նշենք նաեւ, որ որ Սուրբ Ծննդեան պատգամին մէջ Արամ Վեհափառ շեշտեց այն չորս կարեւոր կէտերը, որոնք պէտք է մնան մեր ժողովուրդին համար առաջնահերթութիւն եւ հաւաքական կամքով յաղթահարուելիք էական խնդիրներ: Այդ կէտերը կը վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ամրապնդման, Հայաստան եւ Սփիւռք միացեալ ճիգերու կեդրոնացման եւ վերջապէս Սուրիոյ հայկական գաղութի վերականգնման աշխատանքներուն: