Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երեքշաբթի առաւօտուն Երեւանի մէջ հանդիպեցան Հայաստանի Նախագահ՝ Տիար Սերժ Սարգսեանին: Հանդիպումին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետներն ու Պրն. Նախագահը անդրադարձան Ապրիլի առաջին օրերէն Արցախ-Ազըրպէյճան սահմանին վրայ կատարուած իրադարձութիւններուն մասին: Այս առումով Պրն. Նախագահ մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ Վեհափառ հայրապետներուն տիրող իրավիճակին եւ վերջին զարգացումներուն մասին: Հանդիպումի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետները Հայ Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանի եւ Արցախի պետութիւններուն: Հանդիպումի ընթացին նաեւ արծարծուեցաւ յառաջիկայ օրերուն Վեհափառ Հայրապետներուն Արցախ կատարելիք այցելութեան մասին: